«Սիվիլնէթ».- Երեւանի քաղաքապետարանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին կողմէ իրականացուող ծրագիրի ծիրին մէջ մայրաքաղաքի բոլոր վարչական շրջաններէն զօրակոչուած շուրջ 600 զինուորներ կարելիութիւն ստացած են այցելելու Երեւան՝ 5 օրուան քաջալերական արձակուրդ առնելով:
Քաղաքապետարանի մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ մայրաքաղաքէն զօրակոչուած 100 ժամկէտային զինուորներ եւս 22 Դեկտեմբերին կարելիութիւն ունեցած են Երեւան գալու եւ հանդիպում ունենալու իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն հետ։ Այս անգամ ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են Կենտրոն, Նորք Մարաշ, Աջափնեակ եւ Դաւթաշէն վարչական շրջաններէն զօրակոչուած զինուորական ծառայողներ, որով ալ, ըստ էութեան, կ՛աւատի 2014ի ծրագիրը:
Զինուորներուն եւ անոնց ծնողներուն հանդիպման առիթով կազմակերպուած հանդիսաւոր ձեռնարկին մասնակցած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան: Սէյրան Օհանեան նկատել տուած է, որ ասիկա կարեւոր քայլ է բանակ-հասարակութիւն կապը ամրապնդելու ուղղութեամբ: