ՀՀ քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան առաջին կայազօրային քննչական բաժինին մէջ յարուցուած է քրէական գործ` հերթափոխի դիտակէտին ժամկէտային զինուորական ծառայող Դաւիթ Քոլոյեանի մահուան դէպքին առիթով: Դեկտեմբեր 21-ին հաղորդուած էր, որ նոյն օրը` ժամը 10:15-ի սահմաններուն, N զօրամասի մարտական դիրքերէն մէկուն մէջ «արթուն» հերթափոխի դիտորդի պարտականութիւնները կատարող ժամկէտային զինուորական ծառայող, շարքային Դաւիթ Հրաչեայի Քոլոյեանը «արթուն» հերթափոխի դիտակէտին մէջ իրեն ամրակցուած նռնակի պայթիւնին հետեւանքով ստացած մարմնական վնասուածքներէն մահացած է: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Քննչական կոմիտէի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:
ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգրքի 180-րդ յօդուածին կարգով, յանցագործութեան հետքեր, այլ նիւթական փաստեր յայտնաբերելու, ինչպէս նաեւ դէպքի համար նշանակութիւն ունեցող միւս հանգամանքները պարզելու նպատակով կատարուած են դէպքի վայրի, Դաւիթ Քոլոյեանի դիակի արտաքին, դէպքի պահուն անոր հագին եղած զրահաբաճկոնի զննումներ:
Անոնց իբրեւ արդիւնք, ինչպէս նաեւ դիրքի զինուորական ծառայողներու բացատրութիւնները բաւարար հիմքեր տուած են ենթադրելու, որ նռնակը պայթած է Դաւիթ Քոլոյեանի գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք:
Նշուած փաստով նախապատրաստուած նիւթերով 2014թ. Դեկտեմբեր 22-ին ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 110-րդ յօդուածի 1-ին մասով նախատեսուած յանցագործութեան յատկանիշներով յարուցուած է քրէական գործ: Քննութիւն կը կատարուի` հնարաւոր բոլոր վարկածներով: Կը կատարուի նախաքննութիւն, միջոցներ կը ձեռնարկուին ապահովելու գործի իսկական, բազմակողմանի եւ լրիւ հետազօտման համար: Նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն: