Print
Category: Հայաստան-Արցախ

­Թուրք մա­մու­լը պար­բե­րա­բար կը հա­ղոր­դէ, որ բազ­մա­թիւ թուրք յա­ռա­ջա­պա­հա­կան մտա­ւո­րա­կան­ներ ու հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ ո­րո­շած են այս տա­րի ա­ւե­լի ընդ­լայ­նել 24 Ապ­րի­լի յի­շա­տա­կու­թիւ­նը: Ինչ­պէս յայտ­նի է, վեր­ջին քա­նի մը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, թուրք մտա­ւո­րա­կան­ներ ­ Թաք­սի­մի հրա­պա­րա­կին վրայ մաս­նա­ւոր խմբա­ւո­րու­մով սկսան յի­շա­տա­կել 24 Ապ­րի­լի ող­բեր­գու­թիւ­նը եւ ո­գե­կո­չել մաս­նա­ւո­րա­բար ­Պո­լի­սէն կա­լա­նա­ւո­րո­ւած, աք­սո­րո­ւած, ա­պա նա­հա­տա­կո­ւած հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն յի­շա­տա­կը: ­Նոյն հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը ո­րո­շած են այս տա­րի ա­ւե­լի ըն­դար­ձա­կել յի­շա­տա­կու­թեան ծի­րը, քա­նի որ այս տա­րո­ւա­նը հա­րիւ­րե­րորդ տա­րե­լի­ցը կը դառ­նայ:

«­Տե­մոք­րաթ ­Հա­պեր» կայ­քէ­ջի եւ «­Նոր ­Մար­մա­րա»-ի պա­տո­ւա­կալ աշ­խա­տա­կից Հ­րանդ ­Գաս­պա­րեան կը տե­ղե­կաց­նէ, որ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-հիմ­նար­կի տնօ­րէն ­Հայկ ­Դե­մո­յեան ­Թուր­քիոյ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը հրա­ւի­րեց 2015-ին այ­ցե­լե­լու Ե­րե­ւա­նի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նը: ­Դե­մո­յեա­նին հրա­ւէ­րը պա­տաս­խան մըն է ­Թուր­քիոյ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կող­մէ ­Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դին ուղ­ղուած հրա­ւէ­րին:

Ար­դա­րեւ, ­Թուր­քիոյ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը հա­յաս­տան­ցի­ներն ալ հրա­ւի­րե­ցին ներ­կայ գտնո­ւե­լու այն ո­գե­կոչ­ման հա­ւա­քոյ­թին, որ 24 Ապ­րի­լին պի­տի կա­տա­րո­ւի ­Պոլ­սոյ մէջ: ­Հայկ ­Դե­մո­յեան, Ե­րե­ւա­նի մէջ գոր­ծող «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիո­կա­յա­նին հետ խօ­սե­լու ըն­թաց­քին այս հրա­ւէ­րին պա­տաս­խա­նե­լով` ը­սաւ. «­Թուր­քիա եր­թալ, ին­չո՞ւ: Որ­պէս­զի լսենք մեզ մե­ղադ­րող խօս­քե՞ր: ­Կամ, որ­պէս­զի ի­մա­նանք, որ այ­լեւս ­Թուր­քիոյ մէջ հասկ­ցած են, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ի՛նչ հե­տե­ւանք­ներ ստեղ­ծած է, եւ հի­մա պատ­րա՞ստ են այդ հե­տե­ւանք­նե­րուն մէկ մա­սը գո­նէ սրբագ­րե­լո՞ւ»: