Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մայ­րա­քա­ղա­քի գլխա­ւոր տօ­նա­ծա­ռը այս տա­րի ու­նի 32 մեթր բարձ­րու­թիւն, գա­գա­թի աստ­ղը ու­թան­կիւն է, ինչ­պէս նա­խորդ տա­րի­նե­րուն: Տօ­նա­ծա­ռի զար­դա­րան­քի գոյ­նե­րը փո­խո­ւած են այս տա­րի, եւ գերակշ­ռող է տա­րո­ւան խորհր­դա­նի­շը` ոս­կե­գոյ­նը:

Տօ­նա­ծա­ռի լու­սա­ւո­րու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ 22 Դեկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան` Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեա­նի եւ մե­ծա­թիւ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ. այս ա­րա­րո­ղու­թեան յա­ջոր­դեց համերգ: Լոյ­սե­րու վա­ռե­լէն ա­ռաջ ե­րե­խա­նե­րը խա­ղա­լիք­ներ կա­խե­ցին ծա­ռին վրայ: Միեւ­նոյն ա­տեն վառե­ցան նաեւ լոյ­սե­րը այն ծա­ռե­րուն, ո­րոնք զե­տե­ղո­ւած են մայ­րա­քա­ղա­քի 12 վար­չա­կան շրջաններուն մէջ: Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ տօ­նա­ծառ դնե­լու ա­ւան­դու­թիւ­նը սկսած է խորհրդա­յին տա­րի­նե­րուն:Գլխա­ւոր տօ­նա­ծա­ռը 1950 թո­ւա­կա­նին ու­նէր բո­լո­րո­վին այլ տեսք: Այ­սօ­րո­ւան տօ­նա­ծա­ռին հետ բաղ­դա­տե­լով` ա­նի­կա փոքր էր, բայց ամ­բող­ջա­կան մէկ ծառ էր, ի տար­բե­րու­թիւն վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, երբ մայր տօ­նա­ծա­ռը կը կազ­մո­ւի տար­բեր ճիւ­ղե­րէ: