Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիան Էրլունը: ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հասարակայ- նութեան հետ կապերու բաժինէն կը տեղեկացնեն, թէ նախարարը շնորհաւորած է Թիան Էրլունը՝ Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւն իրականացնելուն առիթով եւ յոյս յայտնած, որ հայ-չինական մշակութային համագործակցութեան խորացման եւ զարգացման գործին մէջ դեսպանը պիտի ունենայ իր կարեւոր ներդրումը:
Անդրադարնալով նախորդ տարիներու համագործակցութեան՝  նախարարը նշած է, որ Հայաստանը մշտապէս կը մասնակցի Փեքինի միջազգային մրցոյթին, իսկ չինացի երաժիշտները՝  Արամ Խաչատրեան մրցոյթին, հանդէս կու գան Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ եւ երիտասարդական նուագախումբերուն հետ նաեւ առանձին համերգներով, իսկ չինացի շարժանկարի գործիչները կը մասնակցին “Ռէանիմանիա” անիմացիոն շարժանկարներու եւ “Ոսկէ ծիրան” փառատօներուն:
Նախարարը կարեւոր համարած է նաեւ Գոնֆուցիոսի ուսումնարանի գործունէութիւնը՝ նշելով, որ կեդրոնը աշխուժօրէն կ’աջակցի Հայաստանի մէջ  չինական մշակոյթի տարածման:
Զրոյցի ընթացքին քննարկուած է 2015թ. Չինաստանի մէջ հայկական մշակոյթի օրեր իրականացնելու ձեւաչափը եւ ժամանակացոյցը:
Հանդիպման աւարտին դեսպան Թիան Էրլուն շնորհակալութիւն յայտնած է նախարար Յասմիկ Պօղոսեանին ջերմ ընդունելութեան եւ շնորհաւորանքին   համար՝  նշելով, որ Չինաստանի մէջ ոչ միայն ծանօթ են հայ ժողովուրդի բազմադարեայ մշակոյթին, այլեւ հայկական մշակոյթի օրերը սպասուած եւ սիրուած են չինացի ժողովուրդին կողմէ: