Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ղարաբաղա-ատրպէյճանական չէզոք գօտիին մէջ Նոյեմբեր 12-ին ատրպէյճանական զինուժի կողմէ հարուած ստացած հայկական ուղղաթիռին համար մեր կողմէն խոստացուած անհամաչափ պատասխանը եղած է: Այս մասին՝ ըստ News.am -ի՝ երէկ` Դեկտեմբեր 21-ին, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, որ նախապէս յայտարարած էր, որ կործանած ուղղաթիռի համար անհամաչափ պատասխան պիտի տրուի:

“Անհամաչափ պատասխանները շատ դէպքերում իրենց մէջ պարունակում են ռազմական գաղտնիութիւն: Բոլոր դէպքերը չի, որ մենք կարող ենք հասցնել հասարակութեանը: Այդ  անհամաչափ պատասխանը եղել է, որոշ բաներ էլ հասարակութեանը ասուել է”,- ըսած է նախարարը` նշելով, որ ինքնաթիռի  հարցով ծառայողական քննութիւնը աւարտած է, յարուցուած քրէական գործով ԼՂՀ բանակի ղեկավարութիւնը եւ իրաւապահ մարմինները կ՛աշխատին:

Յիշեցնենք, որ ԼՂՀ ՊՆ-ի փոխանցմամբ` ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածի օդային տարածքին Նոյեմբեր 12-ին, ուսումնավարժական թռիչքի ժամանակ ատրպէյճանական ԶՈՒ-ի կողմէ հրադադարի խախտման արդիւնքով վար առնուած էր ԼՂՀ ՌՕՈՒ “Մի-24” ուղղաթիռը: Կործանման վայրը շփման գիծին չափազանց մօտ էր: Հակառակորդը կը շարունակէր տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ կրակ բանալ դէպքի վայրի ուղղութեամբ` թոյլ չտալով մօտենալ ուղղաթիռին: Ուղղաթիռի խոցումէն տասը օր անց` Նոյեմբեր 22-ին, ԼՂՀ զինուած ուժերը յատուկ գործողութիւն իրականացուցին, որուն արդիւնքով դուրս բերուեցած եւ ընտանիքներուն յանձնուեցան Ազատ Սահակեանի մարմինը, Սերկէյ Սահակեանի եւ Սարգիս Նազարեանի մասունքները, որոնք Նոյեմբեր 25-ին զինուորական կարգով հողին յանձնուեցան “Եռաբլուր” զինուորական պանթէոնին մէջ: