Վերջին քսան տարիներու ընթացքին Հայաստանէն ներս Դաշնակցութեան ներքին կեանքի մասին բազմաթիւ խօսակցութիւններ եղած են: Հակադրութիւններ ներսի ու դուրսի դաշնակցութեան միջեւ, հակադրութիւններ այս կամ այն շրջանի միջեւ, այլն:
«Այդ թեման էլ կը վերջանայ եւ կը սկսի մէկ ուրիշը, բայց Դաշնակցութիւնը կենդանի կառոյց է եւ այդ խօսակցութիւնները ոչ մի նշանակութիւն ունին», հեռատեսիլի Հանրային Հ-1 կայանէն ելոյթ ունենալով յայտարարած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը:
Յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու ձեւաչափի մասին հարցումին ի պատասխան՝ ան դիտել տուած է թե դեռ եւս յստակ որոշում չէ կայացած՝ եթէ Դաշնակցութիւնը առանձին կը մասնակցի ընտրութիւններուն թէ՞ դաշինքով: «Մենք առանձին գնալու ինքնավստահութիւնն ունենք: Բայց միաժամանակ չունենք մերժողական տրամադրութիւն միւսների նկատմամբ: Այսօրուայ իրողութեան մէջ իբրեւ ինքնուրոյն կազմակերպութիւն գնում ենք ընտրապայքարի», ըսած է Հրանդ Մարգարեանը:
Իսկ եթէ Դաշնակցութեան առաջարկեն դաշինք կազմել պիտի համաձայնեցուի՞, թէ պիտի ըսուի՝ «դուք եկէք, միացէք» հարցումին պատասխանելով՝ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը դիտել տուած է «Էդ տեսակ երեխայական մակարդակի չենք իջնի՝ մեզ միացէք, մենք միանանք եւայլն: Ինչի՞ համար պէտք է դաշինք կազմել, ինչը յաջողացնելու համար: Սա է մեզ համար ամենից կարեւորը»: Այնուհետեւ ան նկատած է որ որեւէ մտավախութիւն չկայ եւ ՀՅԴ վստահ է, որ կը յաղթահարէ ընտրական նուազագոյն շեմը:
Ըստ «Փանորամա»ի հաղորդած տե-ղեկութեան, Հրանդ Մարգարեանի համար տարօրինակ էր լրագրողի այն դիտարկումը, թէ նախագահական ընտրութիւններուն մէջ, ըստ հրապարակուած լուրերուն, Դաշնակցութեան թեկնածուն ՀՀ նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանը կÿըլլայ: «Վարդան Օսկանեանը մեր կադրը չէ: Նրան մենք յարգում ենք եւ եթէ ցանկութիւն յայտնի, մենք կը մտածենք: Բայց գիտէք, ես այդ մասին նոր իմացայ», ըսած է ան: