Մեկնաբանելով Ատր
պէյճանի՝ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ ընտրուելուն փաստը, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ ատիկա Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խայտառակ ձախողութիւնն է:
Ըստ Վ. Յովհաննիսեանի, համաձայնական կառավարութեան կուսակցութիւններուն՝ Ատըրպէյճանի ընտրուիլը աննշան եւ կարեւորութիւն չունեցող երեւոյթ նկատելու փորձերը, եւ այն պնդումները, թէ անկէ ոչ մէկ վտանգ կայ, պարզապէս իրականութիւնը պահելու կամ չգիտակցելու անյաջող փորձեր են:
«Երկիր»ին հետ զրոյցին ընթացքին Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ ամէն գնով պէտք էր ասիկա թոյլ չտալ եւ կարելի էր անոր հասնիլ: Ան իբրեւ օրինակ նշեց, որ Հայաստան կրնար առաջադրել իր սեփական թեկնա-ծութիւնը:
Վ. Յովհաննիսեան պնդեց, որ հայկական կողմէն անհրաժեշտ չափով դիմադրութիւն չէ եղած. հաւանաբար լոպիինկի որոշ աշխատանքներ կատարուած են, բայց ոչ բաւարար:
Ըստ պատգամաւորի խօսքերուն, այս ձախողութեան հետեւանքները կրնան բաւական վտանգաւոր ըլլալ, որովհետեւ որքան ալ փորձ կատարուի ասիկա աննշան յաջողութիւն նկատելու Ատրպէյճանի համար, ատիկա այնքանով նշանակալից է, որ Ատրպէյճան կարելիութիւն կը ստանայ ՄԱԿ-ի օրակարգը ձեւաւորելու եւ մօտակայ տարիներուն անոր ձայնը շատ աւելի ազդեցիկ կը դառնայ, ինչ որ բնականաբար Ատրպէյճան պիտի օգտագործէ իր հակահայկական քաղաքականութեան մէջ: