Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արցախը որդեգրած է բազմաստիճան ճանաչման ռազմավարութիւն եւ շուտով երկրի արտաքին դիւանագիտութիւնը՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի օժանդակութեամբ, նահանգային մակարդակէ պիտի անցնի նաեւ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հարթակ:
Այս խօսքերով արտայայտուեցաւ ԼՂՀ նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանը, ողջունելով Եւրոխորհրդարանի Դեկտեմբեր 17ին Պաղեստինի ճանաչման որոշումը: Ան աւելցուցած է թէ Ստեփանակերտ կ'ողջունէ ճանաչումը, որ հիմնուած է ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին վրայ, մանաւանդ, եթէ այն կÿընթանայ իրաւունքի սահմաններուն մէջ: Ան յստակացուցած է թէ այնուամենայնիւ՝ Պաղեստինի եւ Արցախի հիմնախնդիրները իրարմէ խիստ տարբեր են: