Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի դրամատուներուն եւ փոխանակման կէտերուն մէջ տոլարի փոխարժէքը սկսած է նուազիլ: Երէկ առաւօտեան տոլարը աժանցած էր 13,03 դրամով՝ կազմելով միջինը 511.57 դրամ: Ի դէպ, դրամատուներուն մէջ տոլարի վաճառքին համար սահմանուած նուազագոյն գինը 499 է, առաւելագոյնը՝ 530 դրամ:
Յիշեցնենք, որ երկրին մէջ լարուած վիճակ ստեղծուած է դրամի արժեզրկումով, որ աւելի քան 25 դրամով նուազեցաւ:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` եւրոյի վաճառքի փոխարժէքը արդէն նուազած է 26,30 դրամով: Դրամատուները եւրօն կը գնեն միջինը 569,29 դրամով եւ կը վաճառեն` 636.60 դրամով:
Երէկուան համեմատ՝ 0.34 դրամով բարձրացած է ռուբլիի փոխարժէքը: Դրամատուները ռուբլին կ՛առնեն միջինը 7.71 դրամով եւ կը վաճառեն՝ 9.17 դրամով:

Հայաստանի կառավարութիւնը «կը ձեռնարկէ բոլոր միջոցներուն»՝
ելեւմտական համակարգի բնականոն գործունէութեան համար

«Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կ՛աջակցի ելեւմտական համակարգի կայունութեան ուղղուած կեդրոնական դրամատան ջանքերուն եւ  կը ձեռնարկէ բոլոր միջոցառումներուն՝ այդ համակարգի բնականոն գործունէութիւնը ապահովելու, Հայաստանի Հանրապետութեան գործարարներուն եւ քաղաքացիներուն  իրաւունքներն ու շահերը պաշտպանելու համար», երէկ յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան՝ անդրադառնալով ելեւմտական  շուկային մէջ ստեղծուած իրավիճակին:
Ըստ Հայաստանի վարչապետին, ելեւմտական  շուկայի ներկայ զարգացումները հիմնականին մէջ պայմանաւորուած են համաշխարհային եւ  շրջանային զարգացումներով, որոնք զերծ չեն ակներեւ վարկածային, շահադիտական  տարրերէ:
«Դրամատուներու մէջ գումար պահ դրած բոլոր քաղաքացիները պէտք է վստահ ըլլան, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի գումարներու երաշխաւորման գործօն համակարգ, եւ թէ կառավարութիւնը եւ կեդրոնական դրամատունը կ՛ընեն եւ պիտի ընեն ամէն ինչ՝ քաղաքացիներուն պահ դրած գումարներուն պաշտպանութեան համար», յայտարարած է Աբրահամեան:
Վարչապետը նաեւ տեղեկացուցած է, որ   կեդրոնական դրամատան խորհուրդը հանրութեան մանրամասն պարզաբանումներ պիտի տայ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ:

«Եթէ երկիրը սնանկանայ, բոլորս կը տուժենք» կ'ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն հետ երէկուան  զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է հարցին: «Երկիր»-ի հարցումին կապակցութեամբ՝ թէ լռած է կառավարութիւնը, կը լռէ նախագահը, մինչ հանրապետութեան ելեւմտական ու տնտեսական վիճակի անկայունութիւնը հասած է գագաթնակէտին, իսկ խուճապը հասարակութեան շրջանակին մէջ կ'աճի, Ռուստամեան պատասխանած է. «Իրավիճակը միայն ներազգային չէ, համաշխարհային վիճակով պայմանաւորուած է: Հասկնալի է ի՛նչ կը կատարուի: Ասիկա աշխարհաքաղաքական պայքարի հետեւանք է, մեծ պետութիւններու շահերու բախման արդիւնք: Ուրեմն մեր խնդիրն է իսկապէս հասկնալ, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ, եւ  կը հրաւիրուին այն պաշտօնատարները, որոնք  պարտաւոր են լուծումներ գտնել: Եթէ այս իրավիճակը հսկողութեան տակ չդրուեցաւ, եթէ  այս վիճակը փուլ եկաւ, պիտի փլի բոլորիս գլխուն, եւ այստեղ չենք կրնար տարանջատել իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն, որովհետեւ կը գտնուինք տնտեսական մէկ նաւու վրայ: Աստուած մի արասցէ, եթէ երկիրը սնանկանայ, բոլորս կը տուժենք»: