Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մեծամօրի հիւլէակայանի տնօրէնը եւ իր երկու կցորդները պաշտօնազրկուած են: Փոխ տնօրէններէն մէկը՝ Ռուբէն Մովսիսեան, որ նաեւ առեւտրական բաժնի փոխտնօրէնն էր, ձերբակալուած է: Կ’ամբաստանուի մեծ չափով գումարներու իւրացումի եւ հանրային կառոյցներու չարաշահումի յանցանքով: 

Հետաքննութիւնը վարած է Հայաստանի Ազգային Ապահովութեան Ծառայութիւնը: Ձերբակալուած է նաեւ գլխաւոր ճարտարագէտի օգնական մը, կայանի բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ եւս պաշտօնազրկուած են. վերջիններուն մէջ է երրորդ փոխտնօրէն մը՝ Արամ Մելիքջանեան, որու պաշտօնն էր հիւլէակայանին ֆիզիքական պաշտպանութիւնը: Ան, պաշտօնէն հեռացուած է Նոյեմբերի սկիզբը: Հետաքննութիւնը սկսած է տարեսկզբին, որպէս հետեւանք հաշուեքննութեան մը արդիւնքներուն, որոնց համաձայն 2007էն ի վեր միլիոնաւոր դրամի գումարներ իւրացուած էին վերոնշեալ ձերբակալուած փոխ տնօրէնին կողմէ:
Ըստ «Ժողովուրդ» թերթին, ենթական ազգականն է Ուժանիւթի նախկին նախարար Արմէն Մովսիսեանի, որ ներկայիս նախագահ Սարգսեանի խորհըրդականն է:
Ըստ թերթին, կարելի չէր այս իւրացումները կատարել առանց նախկին նախարարին տեղեկութեան: