Խորհրդարանին մէջ պատգամաւորները
դռնփակ նիստով քննարկեցին երկրի տնտեսական իրավիճակը
Ժամ առ ժամ արժեզրկուող դրամը երէկ լարուածութիւն ստեղծեց մայրաքաղաքէն ներս։ Առաւօտեան ժամերէն շարք մը խանութներ դադրեցուցին առեւտուրը։ Մեծագոյն սիւփերմարքըթները արագ-արագ փոփոխութեան կ'ենթարկէին գիներու պիտակները, իսկ նոր գիները աւելի կը բարկացնէին յաճախորդները։
Նոյն իրավիճակը տիրեց նաեւ տօնական զարդարանքներով աշխատող վաճառախանութներուն մօտ: Յաճախորդներէն շատեր պարզապէս դադրեցուցին իրենց գնումները: Խանութներէն դուրս եկող մարդիկ տարակուսանք կը յայտնէին շեշտելով թէ կտրուկ գնաճը անհասանելի կը դարձնէր նոյնիսկ օրուայ անհրաժեշտ սնունդի գնումները։
Առաւօտեան ժամերէն մինչեւ կէսօր, դրամատուները տոլար և եւրօ շարունակեցին վաճառել մարդոց, սակայն սահմանափակ քանակով: «Ազատութիւն» կայանը կը հաղորդէ թէ իր թղթակիցները այցելած են փոխանակման տարբեր կէտեր, ստուգումներ կատարելով տեղւոյն վրայ եւ հաստատելով թէ տոլարի գինը ցուցատախտակի վրայ 550 դրամ էր, սակայն երբ անոնք տոլար ուզէին՝ «տոլար չկայ» կտրուկ պատասխանը կը ստանային։
Նշենք, թէ երէկ Կեդրոնական դրամատունը տոլարը կը վաճառէր 494.46 դրամով։ Ի դէպ, օրուայ աւարտին փոխանակման կէտերուն մօտ՝ 1 տոլարի գինը հասաւ 575-ի, սակայն գնելը կրկին գրեթէ անհնար էր։
Ազգային Ժողովին մէջ քննարկուեցաւ ոչ իշխանական ուժերու կողմէ հրաւիրուած արտահերթ նստաշրջանը, որ իր օրակարգին վրայ ունէր երկրի տնտեսական շուկայէն ներս ստեղծուած իրավիճակը: Նիստին մասնակցեցան 106 պատգամաւորներ:
Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատան նախագահ Արթուր Ճաւադեանը վստահեցուց որ «Հայաստանի միջազգային պահեստները բաւարար են 3.5 ամսուայ ներմուծման ծածկոյթ ապահովելու համար»: Ան ըսաւ թէ «մենք այս պահին խնդիր չունենք արտարժոյթի հետ կապուած: Դրամատուները իրենց հաշիւներուն մէջ ունեն բաւարար արտարժոյթ: Այս պահին գոնէ, Կեդրոնական Բանկի հաշիւներում նրանք ունեն 300 միլիոն տոլարից աւելի գումար, շուրջ այդքան էլ մնացած թղթակցային հաշիւներում: Դա միայն տոլարով արտայայտուած. սակայն նրանք ունեն նաեւ եւրօ, ռուբլի, ինչպէս նաեւ այլ արժոյթներ» ըսած է նախագահը:
Նշենք, թէ Հայաստանի մէջ Նոյեմբեր 24էն սկսած էր դրամի արժեզրկման փուլը: Պաշտօնական տուեալներով մինչեւ օրս տոլարի նկատմամբ դրամը արժեզրկուած է շուրջ 18% տոկոսով: Տոլարի վաճառքի համար սահմանուած նուազագոյն գինը 535 է, առաւելագոյնը՝ 560 դրամ: