Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հան­րա­յին ի­րա­ւուն­քի եւ­րո­պա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան (EPLO) գրա­սե­նեա­կի բա­ցու­մը  ­Հա­յաս­տա­նի մէջ հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի տայ ար­դէն իսկ կա­յա­ցած հայ ի­րա­ւա­գէտ­նե­րուն սկսիլ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւ­րո­պա­կան գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հետ:

Այդ մա­սին երէկ` ըստ NEWS.am-ի` ­Դեկ­տեմ­բեր 17-ին ը­սած է ­Հան­րա­յին ի­րա­ւուն­քի եւ­րո­պա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան հա­յաս­տա­նեան գրա­սե­նեա­կի տնօ­րէն Գ­րի­գոր ­Մի­նա­սեա­նը ­Հան­րա­յին ի­րա­ւուն­քի եւ­րո­պա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան տնօ­րէն­նե­րու խորհուր­դի նա­խա­գահ Ս­փի­րի­տոն Ֆ­լո­կայ­թի­սի   հետ հա­մա­տեղ մա­մու­լի ա­սու­լի­սի ժա­մա­նակ:

Գ­րի­գոր ­Մի­նա­սեա­նի խօս­քով` ­Հա­յաս­տա­նը իր ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րէն մեծ ջան­քեր ներդ­րած է եւ­րո­պա­կան ի­րա­ւա­հա­մա­կարգ ըն­դե­լու­զո­ւե­լու հա­մար, եւ այ­սօր այդ ըն­դե­լուզ­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րը յան­գե­ցու­ցած են ա­նոր, որ հայ ի­րա­ւա­գէտ­նե­րը դար­ձած են եւ­րո­պա­կան ի­րա­ւա­կան հան­րոյ­թի լիի­րաւ ան­դամ­ներ:

“­Հան­րա­յին ի­րա­ւուն­քի եւ­րո­պա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը մի­ջազ­գա­յին մաս­նա­գի­տա­ցած լրջա­գոյն կազ­մա­կեր­պու­թիւն է, ո­րի ան­դամ են մի շարք պե­տու­թիւն­ներ, հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­նա­չում ու­նե­ցող մի քա­նի տաս­նեակ հա­մալ­սա­րան­ներ եւ մի շարք այլ ա­կա­դե­միա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ: Պ­րո­ֆէ­սոր Ֆ­լո­կայ­թի­սի եւ ՀԻԵԿ-ի եր­կա­րա­տեւ աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քում կա­րող ենք փաս­տել, որ այ­սօր ­Հա­յաս­տա­նում բաց­ւում է տա­րա­ծաշր­ջա­նի միակ եւ ա­ռա­ջին մաս­նա­ճիւ­ղը”,-ը­սած է Գ­րի­գոր ­Մի­նա­սեա­նը: Ան նաեւ ընդգ­ծած է, որ հա­յաս­տա­նեան մաս­նա­ճիւ­ղի բա­ցու­մը ե­րի­տա­սարդ ի­րա­ւա­բան­նե­րուն, ­Հա­յաս­տա­նի համա­լ- ­սա­րան­նե­րու ի­րա­ւա­բա­նա­կան ֆա­կուլ­տետ­նե­րու ու­սա­նող­նե­րուն, աս­պի­րանտ­նե­րուն հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ վե­րա­պատ­րաս­տո­ւե­լու ա­ռա­ջա­տար հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ, մաս­նակ­ցիլ եւ­րո­պա­կան եւ ոչ միայն եւ­րո­պա­կան  ա­ռա­ջա­տար հա­մա­ժո­ղով­նե­րու, նաեւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ մեր ե­րի­տա­սարդ գիտ­նա­կան­նե­րուն ի­րենց գի­տա­կան յօ­դո­ւած­նե­րը տպագ­րե­լու բարձ­րա­գոյն ո­րա­կա­ւո­րում ու­նե­ցող մի­ջազ­գա­յին հան­դէս­նե­րու մէջ: ­Մինչ այ­սօր ՀԻԵԿ-ը զար­գա­ցու­ցած, կազ­մա­կեր­պած եւ ա­ջակ­ցած է շուրջ  200 կրթա­կան, հե­տա­զօ­տա­կան, վե­րա­պատ­րաստ­ման, հիմ­նարկ­նե­րու ստեղծ­ման եւ այլ ծրա­գիր­ներու, ա­ւե­լի քան 70 եր­կիր­նե­րու մէջ: