Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երեւանի հիւսիսային պողոտային վրայ արդէն սկսած է գործել Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի տօնավաճառը: 
Մինչեւ Յունուար 6 երկարող օրերուն ընթացքին, հետզհետէ աւելի ուրախ եւ լուսաւորուած մթնոլորտ կը տիրէ մայրաքաղաքի եւ յարակից շրջաններուն մէջ:

Անշուշտ պաշտօնական ազդանշանը կը տրուի կեդրոնական հրապարակին վրայ եղեւնիի զետեղումէն ետք: Ծանրութիւն տրուած պիտի ըլլայ Յունուար 1-6 երկարող ժամանակաշրջանին, երբ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ցերեկային ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան Զմեռ պապի եւ Զիւնանուշի մասնակցութեամբ, որ անհամբեր կը սպասուին մանուկներուն կողմէ:
Ժողովուրդը գնումներ կը կատարէ Ամանորի սեղանին համար: Երեւանի շուկան ողողուած է զանազան ապրանքներով եւ տօնական օրերու յատուկ իրերով, յուսանք ոչ՝ ... յատուկ գիներով:

Երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպում ունեցած է Երեւանի փոխ քաղաքապետ Արամ Սուքիասեան, յայտնելով թէ Դեկտեմբեր 22-ին ժամը 19:00-ին պիտի վառին Հայաստանի գլխաւոր տօնածառին լոյսերը, ինչպէս եւ Երեւանի մնացեալ լուսային ձեւաւորումները: Մայր տօնածառին լոյսերը վառելու արարողութեան պիտի յաջորդէ համերգային ծրագիր. կենդանի կատարումներով հանդէս պիտի գան էստրադային արուեստի ներկայացուցիչները:
Սուքիասեան ըսած է, որ Երեւանի 12 վարչական շրջանները նոյնպէս զարդարուած պիտի ըլլան եւ տօնական տրամադրութիւն պիտի ապահովեն մինչեւ Յունուար 13: Փոխ քաղաքապետը ըսած է, որ Երեւանի քաղաքապետարանը այս տարի եւս կը համագործակցի մասնաւոր հատուածին հետ. Անոնք պէտք է զարդարեն իրենց կառոյցներու, խանութներու տարածքը: Յայտարարուած է մրցոյթ. լաւագոյն տօնական ձեւաւորում ապահոված ընկերութեան սեփականատէրը, տնօրէնը պիտի պարգեւատրուի: Իսկ Դեկտեմբեր 23-ին պիտի բացուի Կարապի լիճին սահադաշտը: Դեկտեմբեր 31-ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ պիտի կազմակերպուի մեծ ձեռնարկ, պիտի ըլլայ հրավառութիւն՝ ուղիղ կէսգիշերին:
Ամանորեայ ձեռնարկներու, ձեւաւորումներու, տօնածառի զարդարման համար համայնքային պիւտճէէն յատկացուած է 48 միլիոն դրամ:
Ա.Սուքիասեան նաեւ յայտնած է, որ 24.300 անապահով երեխայի քաղաքապետարանի եւ վարչական շրջաններու ընկերային կեդրոններու կողմէ պիտի տրուին մթերքով փաթեթներ: 38.500 քաղցրաւենիքով փաթեթներ պիտի բաժնուին մանկապարտէզի սաներուն, նաեւ մանկատուներուն, այլ կառոյցներու մէջ ապրող երեխաներուն: Քաղաքապետարանի ընկերային վարչութեան կողմէ պիտի բաժնուին ամանորեայ ներկայացումներու 4000 տոմս: