Ըմբշամարտ. Արմէն Նազարեան՝ Պուլկարիոյ տարուան լաւագոյն մարզիչը
1996-ի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ողիմպիական ախոյեան Արմէն Նազարեան ճանչցուեցաւ այս մարզաձեւի Պուլկարիոյ տարուան լաւագոյն մարզիչը, յայտնեց ArmSport.am իր լուրը քաղելով Պուլկարիոյ ըմբշամարտի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէն:
Նշենք, որ 40 տարեկան մասնագէտը, կը գլխաւորէ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Պուլկարիոյ ազգային հաւաքականը:
Պէտք է նշել նաեւ, որ ողիմպիականի կրկնակի (2000-ին՝ Պուլկարիոյ դրօշին տակ), աշխարհի եռակի, Եւրոպայի վեցակի ախոյեանը վերոնշեալ տիտղոսին կ՛արժանանայ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով:
Դահուկարշաւ. 9 հայեր Իտալիոյ մէջ կը մասնակցին ուսումնամարզական հաւաքի
Հայաստանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի գլխաւոր քարտուղար Գագիկ Սարգսեան յայտնեց, 9 հայեր Իտալիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաքի մը կը մասնակցին:
Անոնց այդ հաւաքը նախատեսուած է մինչեւ 24 դեկտեմբեր, որմէ ետք մարզիկները պիտի վերադառնան Հայաստան: Անոնց հետ նաեւ մարզիչ մը:
Սարգսեան նշեց նաեւ, որ հոն շարունակուող մարզումներէն ետք միայն պիտի յստականան յառաջիկայ տարեսկիզբին վարկանշային մրցաշարքե- րուն մասնակցելուն հարցերը:
Ոտնագնդակ. Մխիթարեան վեց շաբաթով պիտի բացակայի դաշտերէն
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ նախորդ շաբաթավերջին Հերթա Պերլինի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Պունտըսլիկա») վիրաւորուեցաւ, 6 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէ, յայտնեց անոր ակումբին պաշտօնական կայքը:
Յայտարարուեցաւ, որ 25 տարեկան ֆութպոլիստի աջ ոտքի ազդրի մկանը վնասուածք մը կրած է: