Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի կառավարութեան 7 անդամներ գլխաւորեցին Թեհրան այցելող հայկական պատուիրակութիւնը, որ Իրան կը գտնուի հայ-իրանական միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին մասնակցելու նպատակով:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Մեդիամաքս»-ը՝ վկայակոչելով իրանական Tasnim գործակալութիւնը, նիստին կը մասնակցին Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու, ելեւմուտքի, փոխադրամիջոցներու, արտաքին գործոց, գիւղատնտեսութեան, քաղաքաշինութեան, առողջապահութեան նախարարները:
Այս հանդիպումը շարունակութիւնն է երկու ամիս առաջ Թեհրան այցելած Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի նախորդած հանդիպումներուն: