Երէկ Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստին ընթացքին, վարման կարգով ելոյթ ունեցաւ ԲՀԿ խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրապեանը, մատնանշելով երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը՝ «երբ տարբեր կարգի թափթուկներ կարող են ազատամարտիկ ծեծել, երբ չակերտաւոր հայրենասէրը կարող է հարուածել մեր գործընկեր Արամ Մանուկեանին,
ԲՀԿ-ն առաջարկում է մինչեւ արտահերթի օրակարգին անցնելը, երբ եօթ վարկային պայմանագրով հերթական անգամ մեծացուելու է երկրի արտաքին պարտքը, որովհետեւ մենք գիտենք, թէ ինչպէս են կերել բազմաթիւ վարկեր, մենք առաջարկում ենք ընդհատել նիստը, հրաւիրել արտահերթ նիստ՝ քննարկելու երկրում ստեղծուած իրավիճակը, յստակ գնահատական տալ թէ՛ ազատամարտիկների, թէ՛ մեր գործընկերոջ հետ կատարուածին» դիտել տուած է ան:
ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը դիտել տուաւ. «Մենք, այս դատապարտելի արարքի հետ կապուած, մեր յայտարարութիւնն արել ենք: Մենք դատապարտում ենք այն, ինչ տեղի է ունեցել ազատամարտիկների եւ մեր գործընկեր Արամ Մանուկեանի հետ, դա անընդունելի է, եւ Ազգային ժողովը պարտաւոր է արձագանգել: Մենք առաջարկում ենք, որ ԱԺ նախագահն իր մօտ խորհրդակցութիւն հրաւիրէ ու դատապարտէ այդ իրադարձութիւնները»:
Արմէն Ռուստամեանը քսան վայրկեան ընդմիջում առաջարկեց, որմէ ետք ԱԺ նախագահ Գալուստ Սահակեանը իր մօտ հրաւիրեց խմբակցութիւններու ղեկավարները, խորհրդակցութեան համար: «Ի հարկէ, համամիտ կը լինենք, որ դատապարտող գրութիւնը հրապարակուի»:
Նշենք, որ ՀՀԿէն զատ, մնացեալ բոլոր խմբակցութիւնները պահանջեցին անդրադառնալ երկրէն ներս տիրող իրավիճակին՝ ազատամարտիկներու եւ ՀԱԿի պարտգամաւոր Արամ Մանուկեանի նկատմամբ բռնութիւններու դէպքերուն:
Արամ Մանուկեանի եւ ազատամարտիկներու դէմ կատարուած բրտութիւնները
Ընդդիմադիր Հայ Ազգային Գոնկրէսի (ՀԱԿ) խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար, երեսփոխան Արամ Մանուկեան Դեկտեմբեր 11ի երեկոյեան, իր բնակարանը վերադառնալու պահուն յարձակման ենթարկուած է անծանօթի մը կողմէ: Բաւական լրջօրէն վիրաւորուած է դէմքի շրջանին, կը տառապէր նաեւ ուղեղային ցնցումէ:
Ըստ Ա. Մանուկեանի, յարձակողը՝ միջին տարիքի այր մը, սկսած է տեղացնել բռունցքներու տարափ, առանց որեւէ բան ըսելու: ՀԱԿ-ի բանբեր Արման Մուսինեան միջադէպին մասին խօսելով, յայտնած է, որ Մանուկեան վերջին շրջանին որեւէ զգուշացում կամ սպառնալիք չէր ստացած:
Յիշեցնելով վերջին օրերուն երեք ազատամարտիկներու դէմ գործուած բռնութիւնները՝ ՀԱԿ-ի խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան ալ յայտնած է այն համոզումը, թէ կը գործէ ահաբեկչութիւններու շղթայ, թէ չորս դէպքերը կապուած են իրարու հետ: Ան յայտնած է նաեւ, որ միջադէպի մասին տեղեկացուցած են Հայաստանի մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները:
Ազատամարտիկները հաւաքուած են Եռաբլուրի մէջ
Վերջին օրերուն իրարու յաջորդած յարձակումները եւ յատկապէս ազատամարտիկներու ծեծի միջադէպերը դատապարտելու համար, Ղարաբաղեան պատերազմի քանի մը հարիւր մասնակիցներ հաւաքուած են Եռաբլուրի մէջ: Ընկերային ցանցերու վրայ զետեղուած անոնց ելոյթներէն, տեսանիւթերէն, սակայն, կը լսուին անպատշաճ բառապաշար, հայհոյանքներ եւ սպառնալիքներ:
Սասուն Միքայէլեան իր ելոյթին մէջ բոլորին կոչ ըրած է, առանց կուսակցական պատկանելիութեան եւ կողմնորոշման, միաւորուիլ եւ տէր կանգնիլ ,խեղճուկրակ ժողովրդինե:
Միւս կողմէ, Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան դատապարտած է ազատամարտիկներու վրայ գործուած վերջին յարձակումները՝ միաժամանակ անոնց կոչ ընելով զերծ մնալու պառակտող կեցուածքէ: