ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».- 10-11 Դեկտեմբերին Երեւանի մէջ կայացած են հայ-իտալական ռազմական համագործակցութեան համակարգման խորհրդակցութիւններ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են հայ-իտալական ռազմական համագործակցութեան ներկայի վիճակին ու զարգացման հեռանկարներուն առնչուող հարցեր:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի մասնակցութեամբ ամփոփուած են խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները:
Հանդիպման աւարտին ստորագրուած է հայ-իտալական ռազմական համագործակցութեան 2015ի ծրագիրը: Զայն ստորագրած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան եւ Իտալիոյ պաշտպանութեան գլխաւոր ղեկավարման մարմինի միջազգային համագործակցութեան գրասենեակի վարչութեան պետ, գնդապետ Ռոպերթօ Վաննաչի: