Print
Category: Հայաստան-Արցախ

1 - Բացում՝ Վանաձորի մանկատան համակարգչային սենեակի

2 - Կահոյքաւորում՝ Վանաձորի թիւ 30 մանկապարտէզի

Անցեալ տարի Յունաստանի մէջ հիմնուած Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի մասնաճիւղը, տարեկան ֆոնեթոնէն գոյացած գումարը մատակարարելու եւ նպատակին ծառայեցնելու իմաստով՝ պայմանաւորուածութիւն վերցուած էր Վանաձորի երկու մանկատուներու օժանդակելու մասին, ինչպէս եւ մասնակցիլ Արցախի մէջ ջուրի ցանցի հաստատման-նորոգման եւ ընդլայնման հսկայ աշխատանքին:


Հոգաբարձուներու նիստին առիթով Հայաստան եւ ԼՂՀ այցելեց Յունաստանի մասնաճիւղի պատուիրակութիւնը, որ հանդիպում ունեցաւ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:


Վանաձորի մանկատան պատանիները այսուհետեւ համակարգչային
գիտելիքներ ստանալու հնարաւորութիւնը պիտի ունենան


Անցեալ տարի Յունաստանի մէջ հիմնուած Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի մասնաճիւղը կայացման իր շրջանը ամբողջացուց եւ արդէն անցաւ իր ծրագիրներու գործադրութեան հանգրուանին: Տարեկան ֆոնեթոնէն գոյացած գումարը մատակարարելու եւ նպատակին ծառայեցնելու իմաստով՝ պայմանաւորուածութիւն վերցուած էր Վանաձորի մէկ մանկատան եւ մէկ մանկապարտէզի օժանդակելու մասին, բացի Հիմնադրամի ընդհանուր ծրագրին մասնակցութեան բաժինէն, որ կը նախատեսէր միանալ՝ Արցախի մէջ ջուրի ցանցի հաստատման-նորոգման եւ ընդլայնման հսկայ աշխատանքին:
Յունաստանի մասնաճիւղը առաջին հերթին ստանձնեց Վանաձորի որբանոցի մը մետիա-կեդրոնի համակարգի ստեղծման աշխատանքը. ուզեց վերանորոգուած յանձնել համակարգիչներու սրահ մը, ուր պատանիները օգտակար եւ դաստիարակիչ ժամանց պիտի ունենան: Այս ծրագիրը յաջողուեցաւ ի մասնաւորի՝ յունահայ քոյր-եղբայր Փերուզ եւ Անդրանիկ Եոլճեաններու նուիրատուութեան:
Անցեալ ամսու վերջաւորութեան, Մայիս 28ին,  «Հայաստան» հիմնադրամի պատուիրակութեան մասնակցութեամբ, որ կը բաղկանար ատենապետ Վաչէ Տէր Կարապետեանի, անդամուհի Մանուշակ Սլտրեան-Ցուքալայի, նուիրատու Անդրանիկ Եոլճեանի եւ նուիրատու Վարվարա Սարգիսեանի կողմէ, հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ Վանաձորի մանկատան վերանորոգուած եւ ժամանակակից սարքաւորումներով յագեցած սրահին:
Պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ հաստատութեան տնօրէն Արշալոյս Յարութիւնեանի կողմէ, պատանիներու եւ տեղացիներու կողմէ, որոնք գնահատեցին կատարուած մատուցումը:
«Ձեռք բերուած գիտելիքները դիւրին պիտի դարձնեն պատանիներու ինքնուրոյն կեանքը»,- հաստատեց հաստատութեան տնօրէնը:
Ինչպէս «Ազատ Օր»ին յայտնեց մասնաճիւղի ատենապետ պրն. Վաչէ Տէր Կարապետեանը, համակարգիչները հայթայթած ընկերութիւնը ստանձնած է անոնց մատակարարման, ինչպէս եւ ուսուցիչները վարժեցնելու ծրագրին իրականացումը եւ վերահըսկողութիւնը:

Նոր կահոյք եւ սպորտային գոյք՝
Վանաձորի թիւ 30
մանկապարտէզին համար


Մայիս 28-ին, Վանաձորի թիւ 30 մանկապարտէզի նոր կահաւորուած սենեակներու եւ խաղահրապարակի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ, ուր ներկայ գտնուեցան Հիմնադրամի հոգաբարձուներու, բարերարներու եւ տեղական մարմիններու ներկայացուցիչները, որոնք ութ օրուայ շրջայցին  ընթացքին այցելեցին Հիմնադրամի իրագործուող ծրագրերու վայրերը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, մօտէն տեսնելու համար աշխատանքներու ընթացքը:
Մանկապարտէզի աւելի քան 130 սաները արդէն իրենց հանգիստը եւ ժամանցը կÿանցնեն պայծառ ու գեղեցիկ կահաւորուած սենեակներուն մէջ եւ մարզական տարբեր սարքերով համալրուած բարեկարգ խաղահրապարակին վրայ:
Այս ծրագիրը իրագործուեցաւ դարձեալ Յունաստանի մասնաճիւղի լրիւ ֆինանսաւորմամբ, նուիրուատուութեամբը հետեւեալ հովանաւորներուն՝ Նիքոլաոս Սարգիսեան, Անդրանիկ եւ Փերուզ Եոլճեաններ, Գէորգ եւ Սոնիա Գույումճեան, Յովիկ եւ Սիլվա Ներսէսեան, Խրիսթոս Սըվազլեան, Սթամաթիս եւ Մէրի Բոնիրու, Հրանդ եւ Հռիփսիմէ Պասմաճեան:
Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստան Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը, այլ երկիրներու մասնաճիւղերու պատասխանատուներ, անձնաւորութիւններ եւ մեծ թիւով ժողովուրդ:
Մասնաճիւղի ատենապետ պրն. Վաչէ Տէր Կարապետեան կը յստակացնէ թէ այս ծրագրերու իրագործումով չÿաւարտիր Յունաստանի մասնաճիւղի հայրենիքի նկատմամբ պարտաւորութիւնը, որ յանձնառու է նաեւ յաւելեալ աշխատանքներու մասնակից դառնալու, յատկապէս միանալով Շուշիի մերձակայքին գտնուող Քարինտակի ծրագրին: Բոլոր այս գործունէութեան շուրջ Վաչէ Տէր Կարապետեան հարցազրոյց մըն ալ ունեցաւ Արցախի հանրային հեռուստատեսութենէն:
Յառաջիկայ տարի արդէն կը լրանայ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի 20-ամեակը: Այս տարիներուն ընթացքին Հիմնադրամը յաջողած է 21 երկիրներու մէջ  մասնաճիւղեր ունենալ, որոնք կը գործեն տեղական գետնի վրայ եւ մաս կը կազմեն հոգաբարձուներու խորհուրդին: Անոնք իրենց շըրջաններէն ներս դրամահաւաքի ձեռնարկներ կÿիրագործեն, կամաւորներու օժանդակութեամբ, հիմնականօրէն մասնակցութիւն բերելով Ամերիկայի մէջ հեռուստամարաթոնին եւ Ֆրանսայի ֆոնեթոնին: Նկատելի է Ծոցի երկիրներու մէջ աշխատանքի ընդլայնումը, ուր հետզհետէ գետին կը շահի Հիմնադրամի գործը:
Յունաստանի մասնաճիւղի պատուիրակութեան այցելութիւնը Հայաստան, առիթ մըն էր մօտէն տեսնելու Հիմնադրամի նախաձեռնութիւնները. հիւրերը ջերմ ընդունելութեան արժանացան եւ գնահատեցին գործակցութեան բարձր մթնոլորտը: Երկու նուիրատուները՝ Անդրանիկ Եոլճեանը եւ Վարվառա Սարգիսեանը յուզիչ պահեր ապրեցան, մանկատուներէն ներս հիւրասիրուելով եւ բացման արարողութեանց մասնակցելով: