Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը ուղղուած է բոլոր երկիրներու հետ համագործակցութեան հաստատման: Դեկտեմբեր 12-ին ԱԳ նախարարարութեան մէջ Լաթվիոյ արտաքին գործերի նախարար Էտկարս Ռինկեւիչի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան ընդգծած է, որ ասիկա Հայաստանի դիւանագիտութիւնն է, որ անփոփոխ կը մնայ տարիներ շարունակ:
“Կարելի է համագործակցութիւն հաստատել այն երկրների հետ, որոնք պատրաստ են դրան: Արդեօ՞ք կարելի է համագործակցութիւն հաստատել մի երկրի հետ, որը հրաժարւում է դիւանագիտական յարաբերութիւն հաստատել, որը փակ է պահում սահմանն ու ագրեսիւ ժխտողական քաղաքական դրսեւորումներ է արտայայտում հայ ժողովրդի նկատմամբ: Այդ երկիրը պէտք է առերեսուի սեփական պատմութեանն ու առաջ շարժուի` կատարելով պարտաւորութիւններն ու լսելով միջազգային հանրութեան կարծիքն այն մասին, որ գնդակը Թուրքիայի դաշտում է: Երբ Թուրքիան պատրաստ լինի համագործակցութեան եւ Հայաստանի կողմից պարզած ձեռքն ընդունի, ապա հնարաւոր է այդ համագործակցութիւնը” ըստ “Արմէնփրես”-ի՝ ըսած է Էդուարդ Նալպանտեան:
2008 թուականին ՀՀ նախագահի նախաձեռնութեամբ սկսաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր փուլ, որուն արդիւնքով 2009-ի Հոկտեմբեր 10-ին Ցիւրիխի մէջ ՀՀ եւ ԹՀ ԱԳ նախարարները ստորագրեցին “Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին” եւ “Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման մասին” արձանագրութիւններ: Արձանագրութիւններու ստորագրումէն ետք Թուրքիան, կտրուկ փոխելով իր դիրքորոշումը եւ հրաժարելով “խելամիտ ժամկէտներու մէջ” եւ առանց նախապայմաններու երկկողմ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ձեռք բերուած համաձայնութենէն, Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի արձանագրութիւններու վաւերացումը պայմանաւորուեցաւ ԼՂ-ի հիմնահարցի կարգաւորմամբ:
2014 թուականի Սեպտեմբեր 24-ին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի գլխաւոր Ասամպլէայի մէջ ունեցած ելոյթի ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստանը լրջօրէն կը քննարկէ հայ-թրքական արձանագրութիւնները խորհրդարանէն ետ կանչելու հարցը: