Հայ-լեհական արշաւախումբը Մեծամորի քաղաքային թաղամասին մէջ պեղումներ կատարած ժամանակ, հետաքրքրական բացայայտումներ կատարած է: «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ թէ այս զարգացումի մասին զրուցած է «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿի տնօրէնի տեղակալ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսէօր Աշոտ Փիլիպոսեանի հետ:
Ան ըսած է թէ պեղուած է Մեծամորի քաղաքային թաղամասը, որը կը գտնուի միջնաբերդէն դէպի հիւսիս: Այդ տարածքը նախապէս պեղումներու տարածք չէր, բայց սկսած էր ուսումնասիրուիլ երկու տարի առաջ, շատ հետաքրքրական կառոյցներու համակարգ մը բանալով: «Թուագրւում է մօտաւոր Մ. Թ.Ա. 11-9 դարերով: Ամենայն հաւանականութեամբ՝ այս տարածքը 8րդ դարի առաջին քառորդին Արգիշտի Առաջինի օրօք միացուել է Վանի թագաւորութեանը: Եւ այդ հրդեհները որ տեղի ունեցած էին ժամանակին, հաւանաբար, Արգիշտի Առաջինի ջոկատների գործունէութեան արդիւնքն են», ըսած է Աշոտ Փիլիպոսեանը՝ աւելցնելով, որ այդ ամէնը շատ արագ տեղի ունեցած էր, հաւանաբար որպէս նպատակ հետապնդելով՝ քաղաքային այդ հատուածի թուլացումը եւ տարածքի միացումը Վանի թագաւորութեան:
Հնագէտը կը բացատրէ թէ սենեակներէն մէկուն մէջ յայտնաբերած են հինգէն-վեց կարասներ, որոնք վերականգնողական ամբողջացման հանգրուանի մէջ են: «Յոյս ունեմ, որ ժամանակի ընթացքին անոնք կը տեղադրենք նոյն սենեակին մէջ ու լուսանկար կ՛անենք», յայտնեց Աշոտ Փիլիպոսեանը: Պեղման վայրէն ներս նոյնպէս յայտնաբերուած է կնոջ մը կմախքը՝ առանց ոտքի թաթի ոսկորներու, իսկ կմախքէն երկու մեթր հեռաւորութեան վրայ նաեւ՝ գանկ: Առաջին ենթադրութեամբ գանկը նոյն այդ մարմնին կը պատկանի եւ գլխատման ենթարկուած է:
Հայ մասնագէտներու համագործակցութիւնը լեհ գործընկերներուն հետ կը շարունակուի. ըստ նախնական գնահատանքի աշխատանքը պիտի տեւէ երկու տարի եւս: «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿը եւ Լեհաստանի Վարշաւայի համալսարանի Հնագիտութեան ինստիտուտը պայմանագիր ստորագրած են պեղման արշաւանքներ իրականացնելու վերաբերեալ: Արդէն երկու տարի է որ կÿընթանայ միասնական աշխատանքը: Արդիւնքները լաւ են. նիւթերը պիտի հրապարակուին ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Լեհաստանի մէջ:
Պեղումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են ուսանողներ Լեհաստանէն, Սլովաքիայէն, իսկ միւս տարի խումբին պիտի միանան մասնագէտներ Ռուսաստանէն: Ուշագրաւ է թէ թուրք հնագէտ մը փափաք յայտնած է աշխատելու խումբին հետ Մեծամորի մէջ: Իր դիմումը ընդունուած է:
Աշոտ Փիլիպոսեանը կը բացատրէ թէ 2015ին Մեծամորի մէջ պեղումներու տարածքի մակերեսը պիտի ընդլայնուի: Բացի այդ՝ 2015ին կը լրանայ Մեծամորի պեղումներու 50-ամեակը, որուն նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը պիտի կազմակերպուի Երեւանի մէջ, Սեպտեմբերին: