Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արցախի մէջ նշուեցաւ անկախութեան հանրաքուէի եւ սահմանադրութեան օրը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան այս առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղեց:

«Այս օրը մեր ժողովուրդի բազմադարեան   պատմութեան մէջ մտաւ իբրեւ նոր ճանապարհի սկիզբ, որ ազդարարեց ժողովրդավարական սկզբունքներու, համամարդկային եւ ազգային արժէքներու վրայ հիմնուած ազատ եւ անկախ պետութիւն եւ քաղաքացիական հասարակութիւն կառուցելու արցախահայութեան անսասան որոշման մասին», ըստ Արցախի նախագահի պաշտօնական կայքին՝ ըսուած է ուղերձին մէջ:
«Ինչպէս 1991 թուականի Անկախութեան հանրաքուէն, այնպէս ալ 2006 թուականին մեր երկրի հիմնական օրէնքի՝ սահմանադրութեան ընդունումը անգամ մը եւս վկայեցին, որ Արցախի ժողովուրդը վճռական է եւ պատրաստ պաշտպանելու իր շահերն ու ազատութիւնները՝ համապատասխան միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն: Մեր ընտրած ճանապարհը այլեւս անշրջելի է, որովհետեւ արդար է եւ սրբագործուած մեր հերոս նահատակներուն արեամբ», գրած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը իր ուղերձին մէջ:
«Մենք պարտաւոր ենք օրը-օրին ամրապնդել մեր պետականութիւնը, զարգացնել տնտեսութիւնը, բարելաւել մարդոց կենսապայմանները: Պարտաւոր ենք իրականութիւն դարձնել մեր ժողովուրդին իղձերն ու ցանկութիւնները՝ հետեւելով օրէնքի տառին եւ ոգիին եւ ստեղծելով ուժեղ իրաւական պետութիւն», գրած է նախագահ Բակօ  Սահակեան՝ վստահութիւն յայտնելով, որ «Արցախ իր արժանի տեղը կը գրաւէ  գերիշխան եւ զարգացած պետութիւններու շարքին մէջ»: