Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Գոհար Մարտիկեանի «Ապրելու բանաձեւը» մատենաշարը համալրուեցաւ 7-րդ հատորով: Աւետիք Իսահակեանի անուան կեդրոնական գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Գոհար Մարտիկեանի՝ Արցախեան պատերազմի ընթացքին զոհուած հայորդիներու կեանքն ու մարտական ուղին ներկայացնող «Ապրելու բանաձեւը» մատենաշարի 7-րդ հատորի շնորհանդէսը։

Հատորին մէջ ամփոփուած են Արցախեան գոյամարտին զոհուած 110 ազատամարտիկի կենսագրութիւն եւ յուշեր անոնց մասին։

Հանրագիտարանային այս ուսումնասիրութիւնը հրատարակուած է ՀՀ նախագահի գործընկեր կազմակերպութեան՝ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի կողմէ յայտարարուած դրամաշնորհային ծրագրի շրջանակներուն մէջ։
Մատենաշարի հեղինակը՝ Գոհար Մարտիկեան, պատերազմի տարիներուն ՀՀ ՊՆ N զօրամասի, յատուկ նշանակութեան գունդի առաջին զոհի՝ Աշոտ Չախոյեանի մայրն է։ Ներկայացնելով մատենաշարը՝ տիկին Մարտիկեան նշեց. «Գիրքը արցախեան ազատամարտին սխրանք գործած եւ իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու մասին է: Եօթ հատորներէն ոչ մէկը միւսին չի կրկներ, քանի որ ամէն հերոս իր գործած սխրանքի պատմութիւնը ունի: Եօթերորդ հատորին մէջ ընդգրկուած են բոլոր արցախցի հերոսները, որպէսզի աշխարհը հասկնայ, որ արցախցիներն ու հայերը երբեք նախայարձակ չեն եղած, եւ ագրեսոր կոչուածը եղած է ագրեսոր թուրքը»:
ՀԵՀ հոգաբարձուներու խորհուրդի համակարգող Կարէն Աւագեան, կարեւոր նկատելով աշխատանքը, նշեց, որ այս մէկը լաւագոյն հնարաւորութիւնն է ծանօթանալու բոլոր հերոսներու կենսագրութեան: Այնուհետեւ շեշտեց. «Ապրելու բանաձեւը ոչ միայն կþապրեցնէ, այլ նաեւ կ'անմահացնէ: Աշխատանքին մէջ կը նկատենք մայրութիւն, հայրենասիրութիւն, այն կրթական ու դաստիարակչական ամբողջ փաթեթ մըն է: Հեղինակը իր այս աշխատանքով կþարժեւորէ հերոսներու կեանքը»:
Պարոն Աւագեան յոյս յայտնեց, որ ՀԵՀ-ը կþընէ հնարաւոր աշխատանքները աւարտին հասցնելու համար: «Ապրելու բանաձեւը» մատենաշարի 7-րդ հատորին մէջ ներկայացուած է նաեւ Քարին տակի գիւղի հերոսներու կենսագրութիւնը:
Քարին տակ գիւղի գիւղապետ Մխիթար Առուշանեանը հաւաստիացուց, որ «Ապրելու բանաձեւը նաեւ մեր ապագայ սերունդներուն կը կրթէ ու կը դաստիարակէ հայեցի ոգիով»: Կիներու հանրապետական խորհուրդի նախագահ Նորա Յակոբեան շեշտեց, թէ «Գոհար Մարտիկեանը կարողացաւ այն, ինչ վերջ էր, դարձնել սկիզբ»: Այնուհետեւ եզրափակեց. «Կարծես թէ ան ուզեց, որ ոչ մի որդեկորոյս մայր չմտածէ, թէ եկան անցան այդ օրերը եւ մոռցուեցան»:
Նշենք, որ «Ապրելու բանաձեւ» մատենաշարին մէջ Գոհար Մարտիկեան անդրադարձած է մօտ 800 հերոսի կենսագրութեան։