Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մասնագէտներու խումբը, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մասնագէտներուն հետ, երէկ սկսաւ երկու երկիրներուն միջեւ «Հաւաքական անվտանգութեան կովկասեան շրջանին մէջ հակաօդային պաշտպանութեան միացեալ համակարգի ստեղծման մասին» համաձայնութեան նախագիծը քննարկելու եւ վերջնականապէս համաձայնեցնելու աշխատանքը:

Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, աշխատանքները, որոնք պիտի աւարտին այսօր, տեղի կ՛ունենան Հայաստանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած երկկողմանի համագործակցութեան 2014 թուականի ծրագիրին հիմամբ: