Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստան այցելեց Ուրուկուայի Արեւելեան Հանրապետութեան փոխնախագահ, Գլխաւոր Ասամպլիայի Սենատի նախագահ Տանիլօ Աստորիի: Ան հանդիպում ունեցաւ ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի ինչպէս նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։

Բոլորը բարձր գնահատեցին հայ-ուրկուկուայական քաղաքական փոխգործակցութեան մակարդակը եւ ընդգծեցին տնտեսական բնագաւարէն ներս կապերու սերտացման անհրաժեշտութիւնը։ Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ Տանիլօ Աստորին պատրաստակամութիւն յայտնեց իր հնարաւորը ընելու երկու բարեկամ երկիրներու միջեւ տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հետագայ խորացման համար։ Զրուցակիները քննարկեցին տնտեսութեան տարբեր ոլորտներու մէջ կապերու խորացման ուղղուած հարցեր։ Մասնաւորապէս, կարեւոր նկատուեցաւ հայ¬ուրուկուայական պիզնես ֆորումի ստեղծումը, որը նոր թափ պիտի հաղորդէ փոխադարձ ներդումներու ներգրաւման, համատեղ ծրագրերու իրականացման ու առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աճեցման։
Նախարար Աստորի հանդիպեցաւ նաեւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ: Ողջունելով հիւրին՝ նախարար Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ բարեկամ Ուրուկուայի հետ ձեւաւորուած յարաբերութիւնները, եւ չնայած այն հանգամանքին, որ երկու երկիրներու միջեւ հազարաւոր քիլոմեթրեր կան, Հայաստանը եւ Ուրուկուայը մօտ երկիրներ են, որոնց կը միաւորեն ամուր բարեկամութիւնը եւ նուիրուածութիւնը համամարդկային արժէքներուն:
Ուրուկուայի փոխնախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ շեշտեց, որ Ուրուկուայը մեծապէս կը գնահատէ եւ կարեւոր կը նկատէ  բարեկամութիւնը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հետ: Ան նշեց, որ երկու բարեկամ երկիրները ունին պատմական ու մշակութային շատ ընդհանրութիւններ: Տանիլօ Աստորին կարեւոր նկատեց Ուրուկուայի մէջ հայկական մեծ համայնքի առկայութիւնը եւ Հայաստանի հետ փոխգործակցութեան խորացման ուղղուած անոնց գործունէութիւնը:
Զրուցակիցները ընդգծեցին, որ ս.թ. Յուլիսին ՀՀ Նախագահի՝ Ուրուկուայ կատարած պետական այցելութիւնը, անոր ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, ստորագրուած փաստաթուղթերը նոր կապ կը  հաղորդեն  երկկողմ համագործակցութեան։
Էդուարդ Նալբանդեան յատուկ շեշտեց, որ դեռեւս 1965թ. աշխարհի մէջ առաջին երկիրը ըլլալով որ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ Ուրուկուայը սկիզբ դրաւ միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացին։ Նախարարը երախտագիտութիւն յայտնեց Մոնտեվիտէոյի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան հիմնելու որոշման համար։
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով ձեռնարկուող քայլերու շուրջ։
Նախարար Նալբանդեան զրուցակիցին ներկայացուց տարածաշրջանային խնդիրներու եւ անոնց  կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի մօտեցումները։ Այս առումով Տանիլօ Աստորին ընդգծեց, որ Ուրուկուայը պիտի շարունակէ աջակցութիւնը ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորմանն ուղղուած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ջանքերուն։