Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային ժողովը 4 Դեկտեմբերին քուէարկութեամբ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան 2015ի պետական պիւտճէի նախագիծը:

Նախագիծին թեր քուէարկեցին 71, դէմ՝ 46 պատգամաւոր: Ձեռնպահ քուէարկող պատգամաւորներ չեղան: Կողմ քուէարկեցին իշխող Հանրապետական խմբակցութեան պատգամաւորները, իսկ մնացեալ խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները՝ դէմ:

2015ի պետական պիւտճէի եկամուտները կը կազմեն 1 եռիլիոն, 191 միլիառ դրամ (ընթացիկ փոխարժէքով մօտ 2.69 միլիառ տոլար), որուն 1 138,7 միլիառ դրամը՝ հարկերն ու տուրքերն են: Համախառն ներքին արդիւնքի նկատմամբ անոնց յարաբերակցութիւնը կը կազմէ 23.4 տոկոս: Ծախսերը պիտի կազմեն 1 եռիլիոն 305 միլիառ դրամ (2.95 միլիոն տոլար) կամ ՀՆԱի 26.6 տոկոսը:
Քուէարկութենէն առաջ հիմնական զեկուցող, Հայաստանի տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Պաւել Սաֆարեան շնորհակալութիւն յայտնեց պատգամաւորներուն՝ պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկումներուն ընթացքին կառուցողական մօտեցում դրսեւորելնուն եւ մասնագիտական առաջարկներ ներկայացնելնուն համար: Պաւել Սաֆարեան տեղեկացուց, որ որոշ պատգամաւորներու առաջարկները ընդունուած են, եւ անոնց հիման վրայ պետական պիւտճէի նախագիծին մէջ որոշ փոփոխութիւններ կատարուած են։