Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի գործադիր վարչութեան պետ, զօրավար Արտակ Դաւթեանի գլխաւորած աշխատանքային խումբը կը մասնակցի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ պետութիւններու գործնական խումբերու հետ ՀԱՊԿ-ի միացեալ հրամանատարութեան կեդրոնին մէջ երէկ եւ այսօր տեղի ունեցող ռազմագործնական խաղին եւ գիտագործնական համաժողովին:

Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, այս նախաձեռնութիւնները տեղի կ՛ունենան ՀԱՊԿ-ի հաւաքական անվտանգութեան համակարգի ստորաբաժանումներու ուժերու եւ միջոցներու միացեալ մարտական պատրաստութեան եւ գործնական նախաձեռնութիւններու 2014 թուականի ծրագիրին համաձայն: