ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթէնպէրկ մտահոգութիւն յայտնած է ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ վերջին շրջանին տեղի ունեցած դէպքերուն առընչութեամբ:
«Ես մտահոգ եմ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերջին դէպքերով եւ բռնութեամբ։ Ատիկա կ’ընդգծէ, որ տագնապը զինուորական լուծում չի կրնար ունենալ», յայտարարած է ան` Լա Հէյի մէջ ՆԱԹՕ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նիստին ընթացքին:
Շեշտելով, որ «քաղաքական լուծման այլընտրանք չկայ», Սթոլթէնպէրկ աւեցուցած է. «Չեմ տեսներ ՆԱԹՕ-ի ուղղակի դերակատարութիւն, բայց ՆԱԹՕ Մինսքի հոլովոյթին կ’աջակցի, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բանակցութիւններու միջոցով կայուն խաղաղ լուծման համար պայմաններ ստեղծուին»։