Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 15-րդ վեհաժողովին ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է ղարաբաղեան տագնապին եւ 12 Նոյեմբերին Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ կործանուած «ՄԻ-24» ուղղաթիռի դէպքին:
Արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Հայաստանը խորապէս մտահոգուած է շրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին առնչութեամբ, որ ստեղծուած է «Ատրպէյճանի կողմէ սադրանքներու եւ զինադադարի դրութեան կոպիտ խախտումներուն  հետեւանքով»:
«Դժբախտաբար, Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը հրաժարեցաւ բարձրաստիճան հանդիպումներուն ընթացքին ստանձնած իր յանձնառութիւններէն՝ լուծելու այս տագնապը բացառապէս խաղաղ ճամբով, եւ դիմեց իրավիճակը աւելի սրելու գծով յանցաւոր սադրանքներու»:
«Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի՝ ուսումնավարժական թռիչք իրականացնող ուղղաթիռի կործանումը երեք երիտասարդ զինուորական ծառայողներու կեանք խլեց», Հայաստանի արտաքին գործոց  նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութեան փոխանցումով՝ ըսած է Էդուարդ Նալբանդեան:
Վերահաստատելով Ղարաբաղի տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ Նալբանդեան նշեց. «Ներկայիս իրավիճակը կը պահանջէ կրկին ամրագրել մեր կազմակերպութեան լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն՝ ուղղուած այս տագնապի խաղաղ լուծան եւ  կոչ ուղղել՝ ձեռնպահ մնալու ուժի սպառնալիքէն կամ ուժի կիրարկումէն, եւ  բանակցութիւններուն համար հիմք ընդունելու Մինսքի խմբակի համանախագահներուն  կողմէ առաջարկուած սկզբունքները»:

Կազմակերպութեան Արտաքին Գործոց նախարարներու
խորհուրդի նիստը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ

Ֆրանսախօս երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդին նիստը յաջորդ տարի տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցումով՝ այս որոշումը միաձայն հաստատուեցաւ Ֆրանսախօութեան  միջազգային կազմակերպութեան 15-րդ վեհաժողովին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 29-30 Նոյեմբերին Սենեկալի մայրաքաղաք Տաքարի մէջ: Վեհաժողովին կը մասնակցէին 80 անդամ երկիրներու  պատուիրակութիւններ: