Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ 27 Նոյեմբերին ՀՅԴ «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում մը ՀՅԴ եւ ՍԴՀԿ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ: Հ

անդիպումին Դաշնակցութեան կողմէ մասնակցած են ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան եւ Բիւրոյի անդամ Լեւոն Մկրտչեան, իսկ Սոցիալ-դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան կողմէ՝ ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանեան եւ վարչութեան փոխատենապետ, Լիբանանի խորհրդարանի երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան:

Հանդիպումին՝ անգամ մը եւս դրականօրէն գնահատուած է երկու կուսակցութիւններուն միջեւ եղած համագործակցութիւնը: Շեշտուած է հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու յաւելեալ սերտացման անհրաժեշտութիւնը եւ այս հարցին մէջ երկու կուսակցութիւններուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը: Կողմերը անդրադարձած են Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն, այս ուղղութեամբ առնուելիք անհրաժեշտ քայլերուն:
Անգամ մը եւս ընդգծուած է նորանկախ Հայաստանի մէջ գաղափարական հէնք ունեցող կուսակցութիւններուն դերը: Հանդիպումին ընթացքին կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցած են ազգային եւ համահայկական նշանակութեան խնդիրներուն շուրջ հետագայ հանդիպումներու եւ համագործակցութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ:


ՀՅԴ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ