Ծանօթ եւ սիրուած ու մեծապէս յարգուած անձնաւորութիւն է Թովմաս Պօղոսեանը, որ աշուղական երգարուեստի մշակման, տարածման ու քարոզչական գործին մէջ իր անգնահատելի ներդրումները ունեցած է տարիներու ընթացքին:
28 Նոյեմբերը իր ծննդեան թուականն է: Այս առիթով տեղ կուտանք Թովմաս Պօղոսեանի խօսքերուն եւ գաղափարին, ներկայացնելով հայ աշուղական երգարուեստին ծառայող առանձնակի այս դէմքը, որ տարիներ առաջ յունահայութեան մօտ գտնուեցաւ, համերգներու շարք մը իրագործելով:
Թովմաս Պողոսեան. Աշուղական երգարուեստի քարոզչութեամբ
պէտք է զբաղին ոչ միայն անհատները, այլ նաեւ մշակոյթի նախարարութիւնը
«Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի անսամպլի գեղարուեստական ղեկավար, ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Թովմաս Պօղոսեանը, խօսելով մշակոյթի բնագաւառի մասին, յայտնած է թէ յատկապէս աշուղական երգարուեստի քարոզչութեամբ պարտի զբաղիլ նաեւ մշակոյթի նախարարութիւնը եւ նախաձեռնութիւնները չթողնել միայն անհատներու:
Իր կարծիքով, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը այսօր առաւելապէս կÿաջակցի անոնց, որոնք ցածրորակ, որեւէ արժէք չներկայացնող երաժշտութիւն կը մատուցանեն։ «Այդ փրփուրի նման երգերը կու գան ու կանցնին, բայց Սայաթ-Նովան ու Կոմիտասը յաւերժ կը մնան»,- համոզուած է Պօղոսեան։
Թէեւ այսօր համերգասրահներ կը վարձակալուին ու սեփական ծանուցումներով զբաղումը բաւական մեծ դժուարութիւններով կը յաջողուի, այդուհանդերձ սակայն, իրենք կ'ընեն ամէն ինչ, որպէսզի աշուղական արուեստը չխամրի։ «Ճիշդ է, մշակոյթի նախարարութիւնը մի քանի անգամ օգնել է մեզ համերգասրահներ հայթայթելու հարցում, սակայն միայն դա բաւական չէ։ Աշուղական արուեստի հանդէպ ուշադրութիւնն աւելի մեծ պէտք է լինի»,- կ'ըսէ ան, աւելցնելով, որ բացի Երեւանէն, աշուղական անսամպլը իր իսկ ուժերով յաճախ համերգներ կը կազմակերպէ նաեւ հանրապետութեան տարբեր մարզերուն մէջ։ «Վերջերս համերգներ ենք ունեցել Սիւնիքում եւ Տաւուշում։ Բացի այդ, աշուղական արուեստի պահպանման նպատակով աշուղական երգի դպրոցներ ենք հիմնել ու հիմնում։ Երեւանում՝ աշուղ Ջիւանու դպրոցում, օրինակ, շուրջ 200 երեխայ է սովորում։ Հէնց այդ երեխաներն էլ մեր աշուղական արուեստի ապագան են»,-նկատել կուտայ Թովմաս Պօղոսեանը։
Ժամանակին կային մարդիկ որոնք կը պնդէին թէ հայութեան վերջին աշուղը Ջիւանին էր։ «Սակայն յետոյ եկան աշուղ Հաւասին, աշուղ Աշոտն ու աշուղ Շահէնը։ Հիմա էլ ժամանակակից աւելի քան 40 աշուղներ ունենք»,-տեղեկացուց ան:
Նշենք, որ հայ աշուղական արուեստը շարունակող 40 խոստմնալից տարրերը ի մի կուգան որոշ առիթներով եւ համերգներ ու ելոյթներ կը կազմակերպեն, խրախուսելով երիտասարդները որպէսզի անդին չլքեն հայկական երգարուեստի իւրայատուկ այս բաժինը: