Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Էդուարդ Նալպանտեանի պաշտօնական այցը Շուէտ

Նո­յեմ­բեր 24-ին մեկ­նար­կեց ԱԳ նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­պան­տեա­նի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը ­Շո­ւէտ: ­Նոյն օ­րը տե­ղի ու­նե­ցան Է­դո­ւարդ ­Նալ­պան­տեա­նի եւ ­Շո­ւէ­տի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Մար­կօտ ­Վալսթ­րէո­մի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը:

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով այ­ցե­լու­թեան հրա­ւէ­րի եւ ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար` Է­դո­ւարդ ­Նալ­պան­տեան նշեց, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն զգա­լիօ­րէն աշ­խու­ժա­ցած են երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, որ ար­տա­ցո­լո­ւած է փո­խայ­ցե­լու­թիւն­նե­րու, քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան ան­մի­ջա­կա­նու­թեամբ, Ե­րե­ւա­նի եւ Ս­թոք­հոլ­մի մէջ դես­պա­նու­թիւն­նե­րու հիմ­նադր­մամբ: ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Շո­ւէ­տի ԱԳ նա­խա­րար­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու օ­րա­կար­գին էին հայ-շո­ւէ­տա­կան երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ընդ­լայն­ման ուղ­ղու­թեամբ ձեռ­նար­կո­ւող քայ­լե­րը, ­Հա­յաս­տան – Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, մի­ջազ­գա­յին հրա­տապ խնդիր­նե­րը: ­Տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րու քննարկ­ման ծի­րէն ներս նա­խա­րար­նե­րը մտքեր փո­խա­նա­կե­ցին ուք­րա­նա­կան ճգնա­ժա­մի եւ ա­նոր կար­գա­ւոր­ման ու­ղի­նե­րուն շուրջ:

Անդ­րա­դառ­նա­լով հայ-շո­ւէ­տա­կան երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն` նա­խա­րար ­Նալ­պան­տեան նշեց, որ ­Հա­յաս­տա­նը շա­հագրգ­ռո­ւած է ­Շո­ւէ­տի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­մամբ եւ ընդ­լայն­մամբ, ո­րոնց հա­մար լուրջ նա­խադ­րեալ­ներ կան: ­Նա­խա­րար­նե­րը հա­մա­կար­ծիք էին, որ դես­պա­նու­թիւն­նե­րու բա­ցու­մը նոր խթան պի­տի հա­ղոր­դէ երկ­կողմ փոխ­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման:

­Շո­ւէ­տի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի խնդրան­քով Է­դո­ւարդ ­Նալ­պան­տեան ներ­կա­յա­ցուց ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ ­Մինս­կի խում­բի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու կող­մէ ձեռ­նար­կո­ւող ջան­քե­րը: Այս ծի­րէն ներս ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան գե­րա­տես­չու­թեան ղե­կա­վա­րը ընդգ­ծեց. “Այս պա­հին կա­րե­ւոր է յաղ­թա­հա­րել այն խիստ բա­ցա­սա­կան ի­րա­վի­ճա­կը, ո­րը ստեղ­ծո­ւել է ­Փա­րի­զի գա­գա­թա­ժո­ղո­վից ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ ­Պա­քո­ւի կող­մից ի­րա­կա­նա­ցո­ւած սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րի` ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նու­ժի կող­մից Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի` ու­սում­նա­վար­ժա­կան թռիչք ի­րա­կա­նաց­նող ուղ­ղա­թի­ռի խոց­ման եւ անձ­նա­կազ­մի ան­դամ­նե­րի զո­հո­ւե­լու հե­տե­ւան­քով”:

Է­դո­ւարդ ­Նալ­պան­տեան ­Մար­կօտ ­Վալսթ­րէո­մին հրա­ւի­րեց այ­ցե­լել ­Հա­յաս­տան:

­Նոյն օ­րը Ս­թոք­հոլ­մի պատ­մա­կան Ազ­նո­ւա­կա­նու­թեան պա­լա­տին մէջ` ­Ռիտ­տար­հիւ­սէ­թի մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Շո­ւէ­տի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պա­նու­թեան պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն ներ­կայ էին ­Շո­ւէ­տի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ­Ռիքս­տա­կի ան­դամ­ներ, Ս­թոք­հոլ­մի մէջ հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած դես­պան­ներ, հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ, շո­ւէ­տա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ: ­Հան­դի­սու­թեան ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան ԱԳ նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­պան­տեան եւ ­Շո­ւէ­տիա­յի ռազ­մա­վա­րա­կան զար­գաց­ման նա­խա­րար Ք­րիս­տի­նա ­Փեր­սո­նը: Խօս­քին մէջ նա­խա­րարը անդ­րա­դառ­նա­լով հայ-շո­ւէ­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ան­ցեա­լին եւ ներ­կա­յին, ը­սաւ. “­Բարձ­րաց­նե­լով ­Հա­յաս­տա­նի դրօ­շը ­Շո­ւէ­տիա­յի ­Թա­գա­ւո­րու­թեան մայ­րա­քա­ղա­քում` նշա­նա­ւո­րե­լու հայ­կա­կան դես­պա­նու­թեան պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը, մենք ար­տա­յայ­տում ենք մեր ձգտու­մը` նոր մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­նե­լու երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: “Չ­նա­յած այն հան­գա­ման­քին, որ հայ-շո­ւէ­տա­կան դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը հաս­տա­տո­ւել են 22 տա­րի ա­ռաջ, կան բազ­մա­թիւ վկա­յու­թիւն­ներ, որ մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րը առն­չո­ւել են դեռ վաղ միջ­նա­դա­րից:

16-17 դա­րե­րում Ա­րե­ւել­քը ­Շո­ւէ­տիա­յին կա­պող ա­ռեւտ­րա­կան ճա­նա­պար­հը հայ վա­ճա­ռա­կան­նե­րի ակ­տի­ւու­թեան շնոր­հիւ յա­ճախ կո­չո­ւել է “հայ­կա­կան ճա­նա­պարհ”:

Է­դո­ւարդ ­Նալ­պան­տեան Հայաստանի դեսպանութեան մէջ ­հան­դի­պե­ցաւ շո­ւէ­տա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն: