Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ զինուորական արարողակարգով երէկ տեղի ունեցաւ ատրպէյճանական զինուժի կողմէ զգետնուած ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի ՄԻ-24 ուղղաթիռի անձնակազմի անդամներու՝ Սերկէյ Սահակեանի, Սարգիս Նազարեանի եւ Ազատ Սահակեանի յուղարկաւորութիւնը:

Արարողութեան ներկայ եղան բարձրաստիճան զինուորական պաշտօնեաներ` պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորութեամբ, ինչպէս եւ ՀՀ շարքային քաղաքացիներ ու մտաւորականներ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի հրամանագիրով ուղղաթիռի անձնակազմի անդամները յետմահու պարգեւատրուեցան «Արիութեան» մետալով, որ զոհուածներու հարազատներուն յանձնեց Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեանը:
ՀՀ պաշտպանութիւն նախարար Սէյրան Օհանեան, իր խօսքին մէջ թուարկելով ամբողջ տարուան ընթացքին սահմանային միջադէպերը, ատրպէյճանական դաւադիր սադրանքները` Քարվաճառէն մինչեւ Օգոստոսի դէպքերը, յայտարարեց, որ մեր օդաչուները իրենց կեանքով ցոյց տուին, որ մենք սխալելու իրաւունք չունինք: