Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հ.Հ անկախութեան  հռչակաման 20.րդ տարելիցին , արտագաղթի  թեման  հայ հասարակութեան  օրակարգի մէջ կարեւոր տեղ  մը կը գրաւէ: Այս թեման երկար ատենէ ի վեր  լուրջ ձեւով կը շօշափուի հայ աշխարհի մէջ եւ ողջամիտ ու հեռատես բոլոր հային սիրտին ցաւ պատճառելով , հայ անհատը  խիստ մտահոգութիւններու կը մղէ: Ոչ պաշտօնական տուեալներու, վերջին շուրջ 10 տարուայ  ընթացքի մէջ, 1,8 միլիոն հայ արտագաղթած է Հայաստանէն,եւ կը շարունակէ արտագաղթել, որուն գլխաւոր պատասխանատուները  հանրապետութեան անցեալի ու ներկայ  գործող իշխանութիւններն են, որոնք  պարտաւորութիւնը ունին  երկրի սոցիալական-տնտեսական իրավիճակը փոխելու քայլերու  ձեռնարկել.


Բոլորիս համար գաղտնիք մը չէ որ, բարեկեցիկ երկրէ մը զանգուածային արտագաղթ տեղի չունենար, ընդհակառակը սոցիալական-տնտեսական զարգացած երկրի համար  յատկապէս, ներգազթը մեծ խնդիր մըն է.
Ըստ իս, Հայաստանի արտագաղթը  կարելի է, երեք գլխաւոր խումբերու  մէջ քննարկել.
Առաջին խումբը կը կազմեն սոցիալական-տնտեսական  պատճառներով այլ երկիրներ աշխատանք փնտռելու ստիպուողները, անոնք որոնք սոցիալական ոչ մի ապահովութիւն ունին.
Եկրորդ խումբին կը պատկանին անոնք, որոնք ոչ սոցիալական-տնտեսական  պատճառներով այլ անհատական պատճառներով կÿարտագաղթեն, ինչպիսին են՝ օտարամոլութիւն, ազգային դաստիարկութեան  բացակայութիւն, ընտանեկան կապակցութեան հարցեր եւայլն. այս խումբին պատկանողներու մեծամասնութիւնը Հայաստանի մէջ բարեկեցիկ ապրողներն են:
Իսկ կայ նաեւ արտագաղթող երրորդ խումբ մը, որոնք ընդհանրապէս երիտասարդ տղաք են, որոնք հայ բանակի մէջ տիրող  խնդիրներու  ու վերջին շրջաններու սպայական կազմի անմարդկային վերաբերմունքներու պատճառաւ, բանակին  ծառայել չեն ուզեր, եւ օտար երկիրներ գաղթելով օտար քաղաքացիութիւններ կը պահանջեն, որը, ըստ իս՝ երկրի ապագայի  վերաբերեալ ծանր  վնասներու կրնայ ծնունդ տալ:
Ըստ իս, Հայաստանի  արտագաղթը կասեցնելու համար  մի միայն երկրի սոցիալական  ու տնտեսական զարգացումը  բաւարար չէ, քանի որ երկիրը լքողները , տարբեր պատճառներ ունին: Հնարաւոր է սակայն, սփիւռքահայերը Հայաստան ներգաղթելու մղել, իրենց համար բարենպաստ պայմաններ ապահովելով: Խօսքը, Պարսկաստանէն, Իրաքէն, Սուրիայէն  եւ նման այլ երկիրներէ Հայաստան  ներգաղթելու ցանկութիւն ունեցողներուն մասին է: Այս քայլով միայնգամայն կը լուծուի երկու խնդիր. անոնք փոխանակ Ա.Մ.Ն եւ Եւրոպա, կամ այլ երկիրներ գաղթելու՝ Հայաստան կը ներգաղթեն,կը փրկուին հաւանական «ձուլում»է, իսկ երկրորդ՝ Հայաստանի ժողովրդագրական  բացասական  ընթացքը կը հաւասարակշռուի:
Եթէ յատուկ ուշադրութիւն տրուի Հայաստան ներգաղթել փափաքող  սեփական փոքր գործ սկսելու ցանկութիւն ունեցող սփիւռքի հայերու հանդէպ,արդէն իսկ շատ կարեւոր քայլ մը առնուած կÿըլլայ, որպէս  արտագաղթի հիմնախնդիրի լուծման՝ մէկ եւս ուղղութիւն:

Տքթ.Սարգիս Ատամ
Գերմանիա