Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երէկ Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ քննարկումներ կայացան այս հարցով

Ռուսիոյ կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուած է Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միանալու համաձայնագիրին։ Այս մասին փոխանցած է Իթար-Թաս գործակալութիւնը՝ յայտնելով, որ համապատասխան փաստաթուղթը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին ներկայացնելու որոշումը ընդունուած է նախարարներու խորհուրդի նիստին, որ տեղի ունեցած էր 20 Նոյեմբերին: Փաստաթուղթին ծանօթանալէ ետք, պետութեան ղեկավարը պետք է Հայաստանի հետ պայմանագիրը ներկայացնէ՝ առ ի վաւերացում:
Հայաստանի Հանրապետութեան մասնակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան գործունէութեան թոյլ պիտի տայ գործարկել բացառումներու ու սահմանափակումներու, ինչպես նաեւ արգելքներու կրճատման գործընթացը, ձեռնարկատիրական գործունէութեան կառոյցներու փոխադարձ մուտքը պայմանագիրի մասնակից պետութիւններու շուկայ», նշուած է համաձայնագիրին կցուած պարզաբանման մէջ։
Ծրագրուած է, որ ասիկա հիմք ծառայէ ԵՏՄի երկիրներու առեւտրատնտեսական եւ համագործակցական կապերու հետագայ զարգացման, ազգային արտադրութիւններու մրցունակութեան բարձրացման եւ աշխարհի շուկաներուն մէջ անոնց դիրքերու ուժեղացման։
Երէկ ՀՀ Ազգային Ժողովի նիստերու դահլիճէն ներս գումարուեցան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ԱԺ տնտեսական հարցերու մշտական յանձնաժողովներու խորհրդարանական լսումները՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին 2014 թուականի Մայիսի 29-ի պայմանագրին միանալու վերաբերեալ» թեմայով: