Այսօր Եռաբլուրի մէջ տեղի կþունենայ օդաչուներու յուղարկաւորութիւնը
Պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութեան փոխանցման համաձայն՝ յատուկ նշանակութեան գործողութիւն մը կազմակերպուած է, որու շնորհիւ ուղղաթիռի ջախջախման վայրէն դուրս բերուած են երեք օդաչուներու մարմինները։
ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ «մարտական խնդրի կատարման արդիւնքում՝ դէպքի վայրից տարհանուել են ուղղաթիռի անձնակազմից մէկի դին, երկու օդաչուների մասունքները եւ ուղղաթիռի որոշ անհրաժեշտ մասեր»:
Ատրպէյճանի կորուստները այնքան շատ են, որ հրամանատարը պաշտօնանկ ըրած են
ՀՀ բանակի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ գրած է. «Փաստօրէն Ատրպէյճանի կորուստները շատ են ու այնքան շատ, որ հրամանատարը պաշտօնանկ ըրած են: Հետաքրքրական է եթէ զիրենք պաշտօնէն ազատած են այս կորուստներուն, թէ՞ ուղղաթիռը զարնելու համար:
Նկատի առնելով հակառակորդի չափազանց մեծ կրակային եւ այլ հակազդեցութիւնները, այս գործողութիւնները բնոյթով եւ բարդութեամբ աննախադէպ էին: Կատարողականութիւնը ուղղակի փայլուն է, նկատի առնելով նաեւ հակառակորդի ոչ փոքր կորուստները, որոնք ծուղակ էին: Դեռ մի քանի օր կը լսենք անոնց անունները, որոնք բնականաբար մահացած կ'ըլլան տարբեր դժբախտութիւններէ:
ԼՂՀ յատուկ նշանակութեան ուժերը իրենց տօնի օրը փայլեցան, փառք անոնց: Կատարուած է համաշխարհային մակարդակի փայլուն գործողութիւն, իսկ սեւ հրանօթները կը լռեն»:
Ատրպէյճանը անշուշտ, ինչպէս միշտ, կը հերքէ հայկական յատուկ գործողութեան մասին տեղեկատուութիւնը, տարբեր-տարբեր պատճառաբանութիւններ յառաջ քշելով։
Նշենք, թէ խոցուած ուղղաթիռի անձնակազմէն լեյտենանտ Ազատ Սահակեանի հայրը ճանչցած է իր զաւկին մարմինը, ինչպէս կը գրէ «Ազատութիւն»ը։
Յետ մահու պարգեւատրումներ
Խոցուած ուղղաթիռի անձնակազմի երեք անդամները յետմահու պարգեւատրուելու մասին, հրամանագիր ստորագրած է ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանը։
«Արիութեան համար» մետալով կը պարգեւատրուին երեք օդաչուները՝ ԼՂՀ ռազմական օդուժի ՄԻ-24 ուղղաթիռի անձնակազմի անդամներ մայոր Սերգէյ Սահակեանը, աւագ լեյտենանտ Սարգիս Նազարեանը, լեյտենանտ Ազատ Սահակեանը:
Օդաչուներու հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի կþունենայ այսօր Երկուշաբթի օր՝ Երեւանի մէջ, իսկ յուղարկաւորութիւնը՝ Եռաբլուր զինուորական պանթէոնէն ներս:
Ուղղաթիռի անկման վայրը կը գտնուի հայ դիրքապահներու մնայուն հսկողութեան տակ
Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտ ուժերու սահմանագիծի ամբողջ երկայնքին շեշտակիօրէն աճած են հակառակորդին կողմէ իրականացուող զինադադարի խախտումները: Այս մասին յայտնած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է, որ առաւել սաստիկ կրակոցներ կ՛արձանագրուին յատկապէս սահմանագիծի արեւելեան հատուածին մէջ՝ թշնամիին կործանած հայկական ուղղաթիռի անկման վայրին ուղղութեամբ: Միայն մէկ գիշերուայ մէջ զինադադարը խախտած է շուրջ 190 անգամ, 8-ի պարագային՝ նռնականետէ եւ խոշոր տրամաչափի այլ զէնքերէ:
Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած են եւ կը ձեռնարկուին բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ թոյլ չտալու համար հակառակորդին մօտենալու ուղղաթիռի անկման վայր: Ներկայ դրութեամբ, ինչպէս ուղղաթիռի անկման վայրը, այնպէս ալ ամբողջ սահմանագիծը կը գտնուի հայ դիրքապահներու մնայուն հսկողութեան տակ: