Մինսկի խումբը երկրորդ անգամ ըլլալով կոչ ուղղեց Ատրպէյճանին՝
թոյլ տալ մօտենալու ուղղաթիռի բեկորներուն մօտ
Շուրջ շաբաթ մը անցած է հայկական ուղղաթիռի դէմ Ատրպէյճանի յարձակումէն, բայց տակաւին հայկական բանակին հնարաւորութիւն չէ տրուած մօտենալու խոցուած ուղղաթիռի վայրը:
Բողոքի ձայները հետզհետէ կը բազմապատկուին այս գծով: ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները եւս երկրորդ անգամ ըլլալով կոչ ուղղեցին Ատրպէյճանին՝ հնարաւորութիւն տալ, որպէսզի վերադարձուին ուղղաթիռի զոհերու մարմինները: Մարդասիրական միջանցք ստեղծելու նպատակով ուղղուած կոչը, խիստ ազդարարութիւն մըն է Ատրպէյճանին:
ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի խօսքերը
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բաժնի ղեկավար Ճեֆ Ռաթկեն, խօսելով ուղղաթիռի դէմ յարձակման դէպքի մասին ըսած է թէ իրենք տեղեակ են կացութենէն եւ գիտեն որ արգիլուած եղած է ԵԱՀԿի ներկայացուցիչի այցելութիւնը ուղղաթիռին մօտ: «Մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած: Անգամ մը եւս կը յիշեցնենք բոլոր կողմերուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը խաղաղ լուծում տալու համար ջանքները կրկնապատկելու կարեւորութիւնը: Անկէ աւելին ըսելու ոչինչ ունիմ» ըսած է Ռաթկեն:
Սէյրան Օհանեանը եւ Անճէյ Քասփրչիկը քննարկած են խոցուած ուղղաթիռի հարցը
ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան քննարկած է խոցուած ուղղաթիռի հարցը ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկը: Անոնց կը մտահոգէ ուղղաթիռի անձնակազմի ճակատագիրը պարզելու եւ դիակները վերադարձնելու ուղղութեամբ հարցը: Քննուած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներուն կողմէ համապատասխան քայլերու որդեգրման հարցը: