Հայաստանի խորհրդարանին մէջ համերաշխութեան հազուագիւտ մթնոլորտ տիրած է, երբ արտակարգ նիստին ներկայ բոլոր պատգամաւորները (131էն 100ը), որոնք կը ներկայացնեն թէ՛ իշխող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, եւ թէ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները՝ թեր քուէարկած են սահմանամերձ համայնքներու աջակցութեան օրէնքին: Օրէնքը ընդունուած է առաջին ընթերցմամբ, ընդհանուր առմամբ անիկա կը վերաբերի 31 համայնքներու, կը նախատեսուի անով մասամբ փոխհատուցել կենցաղային ծախսերը, որոնց կարգին՝ կազի, ելեկտրականութեան եւ ոռոգման ջուրի վճարումները: Անիկա նաեւ հողի հարկն ու գոյքահարկը կը փոխհատուցէ ամբողջութեամբ: