Ատրպէյճանի դէմ հակազդեցութեան հարցով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարէն ետք, նոյնպէս Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանն ալ, իր կարգին նշած է, թէ հայկական կողմը կը հակազդէ, կը նախաձեռնէ գործողութիւններու, բայց «դա բանակի խնդիրն է»:
Այս գծով ճեպազրոյցի մը ընթացքին, պաշտպանութեան նախկին նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան պաշտպանած է այն կարծիքը, թէ հայկական բանակը պէտք է պատասխանէ Ատրպէյճանին: Բնաւ նոյն կարծիքը չէ բաժնած Արցախի հերոս, զօր. Արկադի Տէր-Թադեւոսեան: Ըստ անոր, հայկական բանակի պատասխանը արդէն ուշացած կ'ըլլայ եւ միջազգային հանրութեան կողմէ կը դիտուի որպէս հրադադարի խախտում: «Եթէ պատասխանը լինէր հէնց այդ ժամանակ, իրավիճակը բոլորովին այլ կը լինէր» ըսած է Կոմանդոսը ու նշած, որ հայկական կողմը հետագային նման միջադէպերը կանխելու համար պէտք է անմիջապէս հակադարձէ:
Պաշտպանութեան նախկին նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան բացառելով պատերազմի վերսկսման կարելիութիւնը, ըսած է, թէ ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններէն զերծ մնալու համար Հայաստանի եւ Ղարաբաղի իշխանութիւնները քանի մը ուղղութիւններով պէտք է աշխատին՝ որոնցմէ առաջինը դիւանագիտական աշխատանքն է: Հայաստան պէտք է օգտագործէ Ատրպէյճանի այս կոպիտ խախտումը եւ Մինսքի խումբին, ինչպէս նաեւ միջազգային այլ կառոյցներու մակարդակով քննարկէ այն հանգամանքը, որ Ատրպէյճան չÿուզեր պահպանել հրադադարը, հետեւաբար չի կրնար լուծել հակամարտութիւնը:
Պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Վահան Շիրխանեան եւս այն համոզումը ունի, որ «ռազմական յաղթանակ տանելուց յետոյ մենք դիւանագիտական յաղթանակ դեռ չենք տօնել»։ Ան իշխանութիւններուն կ'առաջարկէ հրաժարիլ Մատրիտեան սկզբունքներէն, ուր կ'արծարծուի նաեւ փոխզիջումներու հարցը, եւ տարբեր ձեւերով եւ միջոցներով հայկական յաղթանակը պարտադրել Ազէրպայճանին եւ միջազգա- յին հանրութեան:
«Պահանջենք ճանաչել պատերազմի արդիւնքը այնպիսին, ինչպիսին կայ։ Ստանալ համապատասխան կարգավիճակ՝ անկախութեան կարգավիճակ, Արցախ տարածքի… մենք պէտք է այս ուղղութեամբ գնանք այլեւս, որովհետեւ վստահել եւ շարունակել այդ խաղը՝ իրենց խաղը, դա մեզ համար անթոյլատրելի է։ Ինչո՞ւ պէտք է մենք կորուստ- ներ կրենք՝ խարդախ պարտնեոր (խօսակից) ունենալու պատճառով» հարց տուած է Շիրխանեան: