Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան յայտնեց, որ ատրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինուորական օդուժի ‹‹Մի-24›› ուղղաթիռը հարուածելու համար պատասխանատու են թէ՛ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը, թէ՛ ալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը:

‹‹Այս ապակայունութիւնը Ատրպէյճանը կը ստեղծէ իր քաղաքական շահերուն համար, սակայն որքան Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պատասխանատու են տուեալ իրավիճակին համար, այնքան ալ պատասխանատու են միջազգային կառոյցները, մասնաւորապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը, որ երբեք համարժէք գնահատական չտուաւ Ատրպէյճանի սանձարձակութիւններուն եւ համապատասխան քայլերու չձեռնարկեց նման իրավիճակներէ խուսափելու համար››, նշեց Դաւիթ Իշխանեան:
Ան շեշտեց, որ հայկական կողմը սահմանի խախտում չէ կատարած, որուն համար արդէն բազմաթիւ փաստեր կան: Ատրպէյճանական կողմը հիմք չէ ունեցած հայկական օդուժին պատկանող ուղղաթիռը հարուածելու:
‹‹Ատրպէյճան միշտ կը փորձէ ապակայունացնող միջոցներով իրավիճակը լարել, որուն ականատես եղանք այս տարուան Օգոստոսին, սակայն հայկական կողմը համարժէք պատասխան տուաւ: Այս դէպքին ալ, կը կարծեմ, համարժէք պատասխանը պիտի չուշանայ եւ ինչպէս արդէն Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան ըսած է՝ հետեւանքները ատրպէյճանական կողմին համար շատ ցաւալի պիտի ըլլան››, ըսաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան: