Print
Category: Հայաստան-Արցախ

23 Ապրիլ 2015-ին. 
Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու 
սրբադասման արարողութիւնը

Ս. Էջմիածնի մէջ իր աշխատանքները աւարտեց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը։ Չորս օրերու ընթացքին քննուեցան բազմաթիւ նիւթեր։ 11-12 Նոյեմբերի նիստերը նուիրուած էին Հայ Եկեղեցւոյ սրբադասման կանոնի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման գործընթացի հետ առնչուած հարցերուն:

Այս մասին զեկոյցներ ներկայացուցին Սրբադասման յանձնախումբի անդամներ՝ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը եւ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեանը:
Եպիսկոպոսական ժողովը քննարկեց յանձնա- խումբին կողմէ կատարուած աշխատանքները եւ հաստատեց Հայ Եկեղեցւոյ սրբադասման ծիսակարգն ու արարողակարգը:
Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութիւնը որոշուեցաւ կատարել 23 Ապրիլ 2015-ին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ: Տարեկան եկեղեցական յիշատակութեան տօնացոյցային օր որոշուեցաւ Ապրիլ 24-ը:
Ժողովը ընդունեց Մեծ Եղեռնի նահատակներու տարեկան տօնակատարութեան ծիսական կանոնը, որ կը ներառնէ շարականի կանոնն ու ժամամուտը, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակ սուրբերու վկայաբանութիւնը: Որոշուեցաւ յիշեալ փաստաթուղթերը վերջնական մշակումէ ետք որդեգրել: Սրբադասման յանձնախումբին յանձնարարուեցաւ կատարել անհատական սըրբադասման համար անհրաժեշտ ուսումնասի- րութիւնները՝ նկատի ունենալով Կոմիտաս Վարդապետը եւ ուրիշ անհատներ:
12 Նոյեմբերի նիստը սկսաւ աղօթքով՝ Կիւմրիի ճանապարհին վրայ ինքնաշարժի արկածի զոհ գացած հայորդիներու հոգիներուն հանգստութեան համար՝ ցաւակցութիւն յայտնելով զոհ- ւածներու ընտանիքներուն:
12-13 Նոյեմբերի նիստերուն Եպիսկոպոսաց ժողովի մասնակիցները քննեցին Հայ Եկեղեցւոյ առաջին երկու խորհուրդներուն՝ Ս. Մկրտութեան եւ Ս. Դրոշմի առնչութեամբ Ծիսական յանձնախումբի կողմէ կատարուած աշխատանքները:
13 Նոյեմբերի նիստին, Եպիսկոպոսաց ժողովի մասնակիցները աղօթք բարձրացուցին Արցախի սահմանագիծի վրայ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ ԼՂ պաշտպանութեան բանակի օդուժի ուղղաթիռի ռմբահարման հետեւանքով զոհուած ե- րեք հայորդիներուն համար եւ յայտարարութիւն մը կատարեցին՝ դատապարտելով Ատրպէյճանա- կան հրահրող գործողութիւնները:
Ապա քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նիւթեր։
Ժողովի վերջին օրը անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ազգային-եկեղեցական կեանքին հետ կապ ունեցող զանազան մարտահրաւէրներուն՝ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը աւելի արդիւնաբեր կերպով իրականացնելու համար լուծումի կարօտ ծիսական, քարոզչական, կրթական-դաստիարակչա- կան եւ ընկերային խնդիրներուն, որոնց հիման վրայ ձեւաւորուեցաւ յառաջիկայ Եպիսկոպոսաց ժողովներուն օրակարգը:
Ժողովը փակուեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի օրհնութեան ու գնահատանքի խօս- քերով եւ աղօթքով: