Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ատրպէյճանի կողմէ ուղղաթիռի կործանումը նոր իրավիճակ կը ստեղծէ յարաբերութիւններուն մէջ. մէկ բան յստակ է՝ Ատրպէյճանը զերօ մակարդակի հասցուց երկար ընդմիջումէ մը ետք այս տարի նախագահներու մակարդակով տեղի ունեցած երեք հանդիպումները:

Կը կարծեմ, որ Հայաստանը պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ իր քաղաքականութիւնը, որովհետեւ մենք կորսնցուցինք մեր ուղղաթիռի անձնակազմը՝ հրաշալի տղաքը, եւ ակնյայտ է, որ այս ընթացքը շարունակելը ուղղակի յղի է անկանխատեսելի հետեւանքներով:

Այս մասին 14 նոյեմբերին խորհրդարանական զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան:
Պատգամաւորին խօսքով՝ Ատրպէյճանը հետեւողականօրէն կ՛ապացուցէ, որ պիտի շարունակէ սադրանքներու լեզուով խօսիլ, այնպէս որ ուղղաթիռի կործանումը պէտք է ստիպէ մեզ մտածել այն մասին, որ Ատրպէյճանը պէտք է պատժուի, յատուկ թիրախային գործողութիւններ պէտք է իրականացուին: «Որովհետեւ մինչեւ Ատրպէյճանը չպատժուի՝ այս ձեւը պիտի շարունակուի: Եւ երկրորդ՝ մենք պէտք է կարենանք Հայաստանը դարձնել մարդու երկիր եւ ոչ թէ մեր դրացիին նման տոհմական անասուններու երկիր», ընդգծեց Աղուան Վարդանեան:
Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղղաթիռով Լեռնային Ղարաբաղ մեկնելու փաստին, որ տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան օդային տարածքը փակ յայտարարելու փաստին իբրեւ հակազդեցութիւն, Վարդանեան նշեց. «Առաջին քայլը կարելի է նկատել նախագահի ուղղաթիռով այցելութիւնը Ղարաբաղ: Բայց ասիկա միայն խորհրդանշական նշանակութիւն ունի, իսկ խորհրդանշական քայլերով սահմանափակուիլ կարելի չէ: Մենք երեք տարի է, որ կը խօսինք Ստեփանակերտի օդակայանի մասին, եւ ահա հիմա Ատրպէյճանը կը յայտարարէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան օդային տարածքը փակելու մասին: Այս իմաստով շատ ընելիք ունի մեր քիչ գործունեայ արտաքին գործոց նախարարութիւնը»: