Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԼՂՀ դի­մած է «­Կար­միր Խաչ»-ին`
զար­նո­ւած ուղ­ղա­թի­ռի անձ­նա­կազ­մը ետ ստա­նա­լու հա­մար

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը դի­մած է «­Կար­միր խաչ»ի մի­ջազ­գա­յին կո­մի­տէին (ԿԽՄԿ) միջ­նոր­դու­թիւ­նը խնդրե­լով, որ­պէս­զի Հա­յաս­տա­նին յանձ­նո­ւին ու­սում­նա­վար­ժա­կան թռիչք կա­տա­րե­լու ժա­մա­նակ ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րու կող­մէ վար առ­նո­ւած հայ­կա­կան ուղ­ղա­թի­ռի անձ­նա­կազ­մին մար­մին­նե­րը:

ԼՂՀ պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի ղե­կա­վար Մով­սէս Յա­կո­բեան  նշած է, որ ուղ­ղա­թի­ռը ին­կած է ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րու դիր­քին շատ մօտ եւ քա­նի որ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի կրա­կա­հեր­թը բնաւ չէ դադ­րած այդ պա­հէն ի վեր, թոյլ չի տրո­ւիր, որ նոյ­նիսկ ին­կած օ­դա­չու­նե­րուն մօ­տե­նան: Այդ պատ­ճա­ռով դի­մած են «­Կար­միր խաչ»-ին, որ­պէս­զի ան միջ­նոր­դէ:

Մով­սէս Յա­կո­բեան դի­տել տո­ւած է թէ Ատր­պէյ­ճան ուղ­ղա­թի­ռը հար­ւա­ծե­լով՝ կ­՛ը­սէ այն, ինչ որ ցարդ ը­սած է: Պա­տաս­խա­նե­լով այն հար­ցու­մին, որ ար­դեօք պա­տե­րա՞զմ կ­՛ու­զէ՝ հրա­մա­նա­տա­րը հաս­տա­տած է. «Իմ կար­ծի­քով՝ ա­յո՛»:

Մով­սէս Յա­կո­բեան նաեւ տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ 1994ին կնքո­ւած զի­նա­դա­դա­րին ըն­թաց­քին նման դէպք չէ ար­ձա­նագ­րո­ւած: Հա­կա­ռա­կոր­դը ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով կի­րար­կած է հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան մի­ջոց:

Հայ­կա­կան կող­մէն պա­տաս­խան՝ ան­պայ­ման պի­տի ըլ­լայ: «­Խու­ճա­պի մատ­նո­ւե­լու կա­րիք չկայ: Մենք պար­զե­լու ենք, թէ ինչ է ե­ղել, յե­տոյ ո­րո­շում­ներ կա­յաց­նենք», նշած է հրա­մա­նա­տա­րը, հա­ւաս­տիաց­նե­լով թէ հա­կա­հարո­ւա­ծը ան­խու­սա­փե­լի է:

ՀԱՊ­Կի գլխա­ւոր քար­տու­ղար Նի­քո­լայ Պոր­թիւ­ժա իր կար­գին, խօ­սե­լով դէպ­քի մա­սին, ընդգ­ծած է, որ մի­ջա­դէ­պը ա­ւե­լի կը սրէ լարո­ւա­ծու­թիւ­նը տա­րա­ծաշրջա­նէն ներս եւ կը մեծց­նէ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը: «Ուղ­ղա­թի­ռի խո­ցու­մը բռնու­թեան շատ վտան­գա­ւոր դրսե­ւո­րում էր: Առ­կայ է հա­կա­մար­տու­թեան սրման նոր փու­լի վտանգ: Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի մէջ վի­ճա­կը ալ ա­ւե­լի կը սրի: Շատ կա­րե­ւոր է ա­պա­հո­վել ԼՂ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը» ը­սած է ան:

Մինս­կի Խմ­բա­կի Նա­խա­գահ­նե­րը «­Խո­րա­պէս Մ­տա­հո­գո­ւած Են»

ԵԱՀԿ Մինս­կի խում­բի հա­մա­նա­խա­գահ­ներ Ի­կոր Փո­փով (­Ռու­սիա), Փիեռ Անտ­րէ (Ֆ­րան­սա) եւ Ճէյմզ Ո­ւոր­լիք (Ա­մե­րի­կա) Վին­նա­յէն ե­րէկ հրա­պա­րա­կած են յայ­տա­րա­րու­թիւն մը՝ «խոր մտա­հո­գու­թիւն» յայտ­նե­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի սահ­մա­նին վրայ ուղ­ղա­թի­ռի կոր­ծան­ման կա­պակ­ցու­թեամբ: Ս­տո­րեւ կը հրա­տա­րա­կենք սոյն յայ­տա­րա­րու­թեան հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը. «­Մենք՝ Մինս­կի խում­բի հա­մա­նա­խա­գահ­ներս, խո­րա­պէս մտա­հո­գո­ւած ենք այն զար­գա­ցում­նե­րով, ո­րոնց հե­տե­ւանքն է այս ծայ­րա­յեղ մի­ջա­դէ­պը, որ իր բնոյ­թով ան­նա­խըն­թաց է հրա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նա­գի­րի կնքու­մէն ի վեր: Մենք կը ցա­ւինք մարդ­կա­յին կեան­քե­րու կո­րուս­տին հա­մար եւ մեր ցա­ւակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նենք զո­հե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն:

Մենք ուժգ­նօ­րէն կը դի­մենք կող­մե­րուն, որ խու­սա­փին շփման գի­ծի եւ Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան սահ­մա­նին լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը սրող քայ­լեր առ­նե­լէ: Շր­ջա­նը չի կրնար դի­մա­նալ ան­ցեալ ա­մար­ւան ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած բռնա­րարք­նե­րու կրկնու­թեան: Այ­սօր տե­ղի ու­նե­ցած մի­ջա­դէ­պը մե­զի կը յի­շեց­նէ, թէ որ­քան փո­փո­խա­կան (պայ­թու­ցիկ) վի­ճակ կը դի­մագ­րա­ւէ Ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թիւ­նը եւ կը շեշ­տէ ստի­պո­ղու­թիւ­նը մնա­յուն լուծ­ման հաս­նե­լու ջան­քե­րը բազ­մա­պատ­կե­լու: Մենք վճռա­կան կը մնանք բո­լոր հնա­րա­ւոր մի­ջոց­նե­րով ա­ջակ­ցե­լու կող­մե­րուն:

Մենք կը յի­շեց­նենք Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն հրա­դա­դա­րը յար­գե­լու, ինչ­պէս նաեւ այս տա­րի Սո­չիի, Նիւ­պոր­թի եւ Փա­րի­զի մէջ կա­յա­ցած հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին հա­կա­մար­տու­թիւ­նը խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով լու­ծե­լու վե­րա­բե­րեալ ստանձ­նած յանձ­նա­ռու­թեան մա­սին ի­րենց պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը: Մենք նաեւ կը քա­ջա­լե­րենք կող­մե­րը ան­յա­պաղ ձեռ­նար­կե­լու վստա­հու­թեան կա­ռուց­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը, ո­րոնք կ­՛ա­պա­հո­վեն շփման գի­ծի ի­րա­վի­ճա­կի թա­փան­ցի­կու­թիւ­նը եւ կը նո­ւա­զեց­նեն այ­սօ­ր­ւան մի­ջա­դէ­պի կրկնու­թեան հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը»: