Հայաստանի Բնապահպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ թէ Սեւանայ լիճին մէջ ազատ արձակուած է 367.000 մանրաձուկ՝ 167.000 գեղարքունի եւ 200.000 ամառային իշխան:
Նախարարութեան հասարակայնութեան եւ մամուլի հետ վարչութեան բաժնի փոխանցմամբ՝ մանրաձուկը ձեռք բերուած է Հայաստանի 2014 թուականի պետական պիւտճէի միջոցներու հաշւոյն՝ «Ձկան պաշարների համալրման ծառայութիւններ» ծրագրով։
«Յաջորդող տարիներուն համար կը նախատեսենք հէնց տեղում ձկնկիթը ստանալ եւ գետից անմիջապէս մանրաձուկը բաց թողնել, որպէսզի նման հնարաւորութիւնն աւելի արդիւնաւէտ իրագործուի, այս դէպքում ձուկը գետից անմիջապէս դուրս կուգայ լիճ», - ըսած է բնապահպանութեան նախարար Արամայիս Գրիգորեանը։
Նախարարը տարածաշրջանի բնակչութեան ուղղուած իր խօսքերուն մէջ՝ կոչ ուղղած է ձուկերու ձուադրման այս ժամանակահատուածին զերծ մնալ անօրինական որսէ եւ միահամուռ ուժերով լուծել ձկնագողութեան խնդիրը: Արամայիս Գրիգորեան ընդգծած է, որ այս շրջանին հսկողութեան համատեղ միջոցառումներ պիտի իրականացուին Ոստիկանութեան հետ:
Բնապահպանության նախարարութեան աշխատակազմի բնապահպանական պետական տեսչութեան մօտ յանձնարարութիւն տրուած է մանրաձուկերու ազատ արձակումէն ետք եւ գէթ երեք օրուայ համար խստացնել հսկողութիւնը վայրի յարակից տարածքներուն մէջ: