Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Վերջին տարիներուն մեծ քանակութեամբ կեղծ աշխատանքներ կը պտտին‘ Լոնտոնի աճուրդէն սկսած: Մոսկուայի մէջ յատկապէս շատ կան այդպիսի աշխատանքներ», - «Ազատութիւն» կայանի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ թանգարանի տնօրէն Սարգսեանը:

Ան պատմեց, որ իր ճիգերու եւ նոյնիսկ մամուլին դիմելու սպառնալիքի շնորհիւ միայն, կարելի եղաւ Փարաճանովի կեղծուած աշխատանքը հանել Լոնտոնի աճուրդէն. - «Որովհետեւ իրենց ալ ձեռնտու է այդ գործը վաճառել: Ես կը կարծեմ, թէ շատ մը պարագաներու, իրենք շատ լաւ կը հասկնան որ այդ գործը կեղծ է: Բայց այդուհանդերձ, գործելու ձեւ է»:
Սարգսեան ըսաւ, որ բոլորովին վերջերս Քիեւի մէջ ցուցադրուած աշխատանք մը ստացած են, որ, ինչպէս պարզուեցաւ՝ կեղծ էր:
«Մոսկուայի մէջ շատ կայ», - աւելցուց ան. «Վաթսուն գործով ցուցահանդէս կազմակերպեցին, եւ լրիւ վաթսունմէկ կեղծ աշխատանք ցուցադրուեցաւ… Մանեժի մէջ եղաւ այդ: Մի քանի տարի առաջ էր: Ես ինքս դիմեցի, իրենք ինձ նոյնիսկ չպատասխանեցին: Յետոյ ես խնդրեցի, որ նախարարը մեր‘ Յասմիկը Պօղոսեան, նամակ ղրկէ ռուսաստանցի իր գործընկերոջ՝ ըսելով որ կը խնդրենք, ուշադիր եղէք»:
Զաւէն Սարգսեանը պատմեց նաեւ Փարաճանովի 90-ամեակի կապակցութեամբ այս տարի արտասահմանեան շարք մը քաղաքներու մէջ, որոնց կարգին նաեւ Նիւ Եորք, յոբելենական ցուցահանդէսներու մասին: Ցուցահանդէսները պիտի եզրափակուին Սեպտեմբերին, Պաթումի մէջ:
Սարգսեանը առանձնացուց Արցախի մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսի մասին. - «Շուշիի մէջ շատ լաւ պատկերասրահ կայ, որ ուղղակի ինձ զարմացուց: Հոն, բացման օրը, «Սայաթ Նովա»ն ցուցադրեցինք»: