Ֆրանսան կը սատարէ ամէն քայլի,
որ միտուած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման
Նախագահ Սերժ Սարգսեանին իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժան-ֆրանսուա Շարպանտիէն:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը, նախագահը շնորհաւորած է դեսպան Շարպանտիէն նշանակման համար եւ յոյս յայտնած, որ դեսպանի բարձր առաքելութիւնը ան լաւագոյնս կ’իրականացնէ‘ ի նպաստ երկու բարեկամ երկիրներու եւ ժողովուրդներու: Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ ընդգծած է, որ հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւնները տարիէ տարի աւելի կ՛ամրապնդուին եւ կը խորանան: Բազմաբնոյթ եւ սերտ այդ յարաբերութիւնները, Հանրապետութեան նախագահին խօսքով, կը դրսեւորուին երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական աշխոյժ երկխօսութեամբ, միջպետական ամուր կապերով, օրինակելի ապակենտրոնացուած համագործակցութեամբ, տնտեսական յարաբերութիւններու նկատելի աշխուժացմամբ, մշակոյթի եւ բազմաթիւ այլ ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեամբ:
Սերժ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանը շահագրգիռ է պահպանելու եւ աւելի զարգացնելու այդ բարեկամութիւնը եւ ջերմ յարաբերութիւնները:
Դեսպան Ժան-ֆրանսուա Շարպանտիէն վստահեցուցած է, որ պաշտօնավարման ժամանակահատուածին առաւելագոյնը պիտի ընէ՝ արժանիօրէն շարունակելու նախորդ դեսպանին աշխատանքը, որ ՀՀ Նախագահը բարձր կը գնահատոէ եւ պիտի նպաստէ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները առաւել աշխոյժ դարձնելու, իսկ տնտեսական մեծ ներուժ եւ հեռանկար ունեցող համագործակցութիւնը աւելի ընդլայնելու, խորացնելու եւ հասցնելու այլ ոլորտներու մէջ երկու երկիրներու միջեւ առկայ յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին:
Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպանը իր համար մեծ հպարտութիւն եւ պատիւ համարած է պաշտօնավարել երկրի մը մէջ, որ ունի հնագոյն պատմութիւն, հարուստ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւն եւ դարաւոր բարեկամական կապեր Ֆրանսայի հետ:
Ֆրանսան կը սատարէ ամէն քայլի, որ միտուած է հայ¬թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման։ Պաշտօնական Փարիզի դիրքորոշումը ներկայացուց Նոյեմբեր 12-ին լրագրողներուն հետ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նորանշանակ դեսպանը։