ՀՀ Ազգային Ժողովէն ներս երկրորդ օրն ըլլալով շարունակուեցան քառօրեայ նիստերու օրակարգերը: Արձանագրուած են 120 պատգամաւորներ, քննարկելու համար նախագիծեր՝ «Շրջանառութեան հարկի մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին:
Ազգային Ժողովը շարունակեց նաեւ նախորդ նիստէն անաւարտ մնացած «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կառուցուածքի մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու հարցը, ընդունելով՝ ՀՀ տարածքային եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւններու միացումը՝ 70 թեր, 10 դէմ եւ 25 ձեռնպահ քուէներով: Ձեռնպահ մնացին ԲՀԿ եւ ՀՅԴ խմբակցութիւնները: