Print
Category: Հայաստան-Արցախ
Նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետներուն

Ժողովին կը մասնակցի Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ
Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան

Կը քննարկուին Եղեռնի 1.5 միլիոն նահատակներու եւ
Կոմիտաս վարդապետի սրբադասման հարցերը

Ս. Էջմիածինի մէջ երէկ 11 Նոյեմբերին իր աշխատանքներուն սկսաւ Եպիսկոպոսաց ժողովը, որուն քննարկման առանցքին մէջ է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ Կոմիտաս վարդապետի սրբադասման հարցը, ինչպէս այդ յայտարարուած էր տարի մը առաջ:
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ գումարուող ժողովին կը մասնակցին Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեանց 76 արքեպիսկոպոսներէն ու եպիսկոպոսներէն՝ 58-ը, որոնց կարգին Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան:
Բացման արարողութենէն առաջ հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը Մայր Տաճարին մէջ մասնակցեցաւ Գիշերային ժամերգութեան՝ Ս. Հոգիին առաջնորդութիւնը հայցելով ժողովի աշխատանքներու բարի արդիւնաւորման համար: Ժողովը սկսաւ միասնական Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք բացման եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ նախորդ եպիսկոպոսաց ժողովի դիւանի համաատենապետ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը:
Այնուհետեւ ներկաներուն իրենց հայրապետական պատգամը փոխանցեցին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Նորին Սրբութիւն Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը (խօսքերը կարդալ զատ):


Միասնական աղօթք Ծիծեռնակաբերդի մէջ

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ հայկական թեմերու առաջնորդները Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ միասնական աղօթք կատարեցին:
Կաթողիկոսները, առաջնորդները եւ հայ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները Ծիծեռնակաբերդի մէջ ծաղիկներ զետեղեցին 1,5 միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ, որմէ ետք հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեցին:
«Եպիսկոպոսաց ժողովի աշխատանքներուն սկիզբը ազդարարելու համար եպիսկոպոսաց դասով Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելելով՝ մեր խոնարհումը կը բերենք 1,5 միլիոն նահատակ զաւակներու յիշատակին եւ մեր աղօթքը կը բարձրացնենք մեր աշխարհասփիւռ ժողովուրդի խաղաղ, ապահով կեանքին համար: Տիրոջմէ կը հայցենք, որ Եպիսկոպոսաց ժողովի աշխատանքները Ս. Հոգիի շնորհին ներքեւ ըլլան եւ մեր ժողովուրդին սպասուող ակնկալութիւնները արդարանան‘ իբրեւ աշխատանքներու արդիւնք», լրագրողներուն յայտնեց Գարեգին Բ. կաթողիկոս:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր կարգին ընդգծեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը վճռական անկիւնադարձ պիտի դառնայ հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ: «Հարիւր տարիներ մենք յիշեցինք ու յիշեցուցինք Հայոց ցեղասպանութեան մասին. ժամանակն է, որ պահանջատիրութեան նոր ուժականութիւն եւ գունաւորում տանք: Անցնող ամիսներուն յաճախակիօրէն այս կէտը ես շեշտեցի: Հարիւրամեայ տարելիցին առիթով բաւարար չէ ձեռնարկներ կազմակերպել, յիշել մեր նահատակները: Այդ բոլորը կարեւոր են, անկասկած, բայց ես կը կարծեմ, որ երկու կարեւոր իրադարձութիւններ պէտք է ըլլան 100-ամեայ տարելիցին առիթով», ընդգծեց Արամ Ա. կաթողիկոս:
Ան նշեց, որ առաջին քայլը պէտք է ըլլայ ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասումը, որ եւ յանձն առած է Հայ առաքելական եկեղեցին: «Փաստօրէն մեր նահատակները մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ սրբադասուած են: Մեր ժողովուրդը այդ զոհերը կ՛ընդունի իբրեւ նահատակներ հաւատքի ու հայրենիքի համար, եւ մեր եկեղեցին ժողովուրդին կողմէ արդէն սրբադասուած նահատակները կը ցանկայ կանոնական մօտեցումով սրբադասել: Երկրորդը, ես կը կարծեմ, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող արտայայտութիւնները, հանդիսութիւնները, ձեռնարկները պէտք է կարեւորութեամբ շեշտեն մեր ժողովուրդին պահանջատիրական կեցուածքը: Մենք պահանջատէր ենք, մենք միայն պէտք չէ յիշենք մեր նահատակները, այլ նաեւ պէտք է բարձրացնենք մեր իրաւունքներու վերականգնման հարցը», նշեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

«Սիսի Կաթողիկոսարանի Կալուածները Կը Պատկանին Հայ Ժողովուրդին». Արամ Ա. Կաթողիկոս

Վերը նշուած խորագրի խօսքերով արտայայտուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը, խօսելով Սիսի կաթողիկոսարանի նստավայրը եւ կալուածները հայ ժողովուրդին վերադարձնելու մասին: Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Վեհափառը ըսաւ.-
«Այս ուղղութեամբ մենք հետեւողական աշխատանքներու ձեռնարկած ենք նախորդ քանի մը տարիներուն ընթացքին: Պէտք է յիշեցնենք, որ իրաւական դաշտը այնքան ալ դիւրին չէ, այնքան ալ նպաստաւոր չէ մեր ժողովուրդին համար, սակայն պէտք է հաւաքական ճիգ գործադրել այս ուղղութեամբ: Բոլոր գործընթացները պիտի ճշդենք, որպէսզի մեր եկեղեցապատկան եւ ազգապատկան կալուածները վերադարձնենք մեր ժողովուրդին, մեր եկեղեցւոյ: Նախորդ տարի երկու վեհափառները միացեալ յայտարարութիւն կատարեցին. մենք կը պահանջենք մեր հազարաւոր եկեղեցիները, մեր մենաստանները, վանքերը», ըսաւ կաթողիկոսը:
Յիշեցնենք, որ նախորդ տարի երկու վեհափառ հայրապետները այս ուղղութեամբ միացեալ յայտարարութիւն կատարած էին եւ պահանջած՝  մեր հազարաւոր եկեղեցիները, մենաստանները, վանքերը, կալուածները ետ վերադարձնել:
Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովը իր աշխատանքները պիտի ամբողջացնէ Հինգշաբթի 13 Նոյեմբերին: