Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Իշխանափոխութեան ճանապարհը հէնց սա է: Այսինքն՝ ձեւակերպել այնպիսի հիմնարար մօտեցումներ, որոնցից մի կողմից՝ իշխանութիւնը չկարողանայ հրաժարուել, միւս կողմից՝ այդ հիմնարար փոփոխութիւնները բերեն նրան, որ իշխանափոխութիւնը ցաւալի չլինի այսօրուայ իշխանութեան համար:

Գիտակցութիւն ձեւաւորուի նաեւ, որ բոլորը կարող են փոփոխուել, եթէ ընտրական, սահմանադրական արդիւնաւէտ լիազօրութիւնների համակարգեր են գործում»,- «Առաւօտի» հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ-ական պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը՝ խօսելով սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգի եւ անոր կիրարկման անհրաժեշտութեան մասին:

Ըստ անոր համոզումին՝ եթէ իշխանութիւնը այսօր անգամ, պատրաստ է բարեփոխումներու իրագործման՝ չօգտուիլ, չպարտադրել կամ չքաջալերել այդ բարեփոխումները՝ կը նշանակէ չմտածել երկրի ու պետութեան մասին:
Մինչ հայեցակարգի ներկայացումը՝ ՀՅԴ-ն առաջարկներ ըրած էր. «Այս հայեցակարգում մեր նախկինում հրապարակուած բոլոր առաջարկութիւններին անդրադարձ կայ: Աւելին՝ մեր տուած գնահատականները տեղ են գտել այստեղ՝ թէ քաղաքական մենիշխանութեան ժողովրդի կողմից իշխանութիւն չկազմաւորելու եւ բազմաթիւ այլ դրուագներով»,- ըսաւ մեր զրուցակիցը՝ աւելցնելով, որ այժմ այս հայեցակարգային մօտեցումները պարզապէս պէտք է ներկայացնել եւ աւելի ընկալելի դարձնել այն համատեքստին մէջ, որ հետագային չշեղին ՀՅԴ-ի պատկերացրած լուծումներէն: Այս փուլը Արծուիկ Մինասեանը առաւել կարեւոր ու պատասխանատու կը համարէ:
Մեր զրուցակիցը տեղեկացուց, որ այս փուլին ՀՅԴ-ն կը պատրաստուի շուրջ 12 առաջարկով հանդէս գալ, որոնք կը ներառնեն նաեւ լուծման տարբերակներ: Մասնաւորաբար, ընտրական համակարգի հետ կապուած՝ ՀՅԴ-ն այն կարծիքին է, որ 100 տոկոս համամասնականը ճիշդ է: Սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգով ատիկա ընդհանրական ձեւով ներկայացուած է՝ առանց մանրամասնելու, քանի ատիկա քաղաքական որոշման հարց է: Նման արձանագրում ըրած է նաեւ Վենետիկի յանձնաժողովը՝ միաժամանակ արձանագրելով, որ այն երկիրները, ուր կը գործէ պառլամենտական կարգ, եւ որոնց օրինակները հայեցակարգով բերուած են, բոլորին ալ 100 տոկոս համամասնական ընտրակարգը կը գործէ: «Այս տեսակէտից ես վստահ եմ, որ յաջորդ ընտրութիւններում, եթէ ոչ՝ ամբողջական, ապա փուլային ձեւով մենք պէտք է կարողանանք անցում կատարել ամբողջութեամբ համամասնական ընտրակարգին եւ նոր Ընտրական օրէնսգրքի մշակման»,- ըսաւ ՀՅԴ-ական պատգամաւորը՝ աւելցնելով, որ հայեցակարգով նոր ինստիտուտ ներմուծուած է՝ օրկանական կամ սահմանադրական օրէնքի ինստիտուտ, որը կը պահանջէ, որ ընդդիմութիւնը, խորհրդարանական քաղաքական փոքրամասնութիւնը անպայման մասնակցի քուէարկութեան, որպէսզի օրէնքներու ընդունումը հնարաւոր դառնայ. «Այս դէպքում իշխանութիւնը չի կարող անտեսել ընդդիմութեան դերն ու նշանակութիւնը, պէտք է անպայման բանակցի փոքրամասնութեան հետ՝ փոխադարձ լուծումների համար»:
ՀՅԴ-ն նաեւ կþառաջարկէ, որ ԿԸՀ-ն ընտրուի խորհրդարանին կողմէ՝ 3/5-ի մասնակցութեամբ, ու անպայմանօրէն ունենայ յատուկ լիազօրութիւններ եւ ամբողջական պատասխանատուութիւն, այդ թւում նաեւ՝ քրէական պատասխանատուութեան սպառնալիքով ընտրակեղծիքները փակելու, խնդիրներուն լուծում տալու եւ ազատ ընտրութիւններ կազմակերպելու համար: Ընտրացուցակներու մասով ՀՅԴ-ի առաջարկը հետեւեալն է՝ սահմանադրական մակարդակով երաշխաւորել մեխանիզմի գոյութիւնը, որը կը փարատի ընտրացուցակներով պայմանաւորուած կասկածները հանրութեան մօտ. «Որեւէ կոնկրետ լուծում այս պահին մենք չենք կարող պարտադրել, բայց կարող ենք, որպէս նպատակ կարող ենք ձեւակերպել ու քննարկումների ժամանակ մեխանիզմներ գտնել: Եթէ Վենետիկի յանձնաժողովի համար մերժելի է ստորագրուած ընտրացուցակների հրապարակումը, ելքերից մէկը, օրինակ, կարող է լինել այն, որ քուէաթերթիկ վերցնող իւրաքանչիւր ընտրողի անուն-ազգանունը բարձրաձայն յայտարարւում է»:
ՀՅԴ-ի մէկ այլ առաջարկը կը վերաբերի անկախ դատական համակարգին: Այն է՝ արդարադատութեան խորհուրդը պէտք է ամբողջական պատասխանատուութիւն կրէ դատական համակարգի ձեւաւորման հարցով: Այն պէտք է ընտրուի խորհրդարանին կողմէ, բայց խորհրդարանը խորհուրդի անդամին ետ կանչելու իրաւասութիւն պէտք չէ ունենայ:
Նաեւ՝ արդարադատութեան խորհուրդի կողմէ նշանակուած դատաւորն ալ կարող չէ իրեն նշանակած մարմնին կողմէ միանձնայ ետ կանչուիլ, ատիկա կարելի է ըլլալ խորհրդարանական յանձնաժողովի մասնակցութեամբ:
Ատիկա, ըստ ՀՅԴ-ի, կ'ապահովէ դատաւորի նաեւ աշխատանքի անկախութիւնը: