Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Վրաստանի, Աբխազիոյ, Հարաւային Օսեթիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ աշխատող լրագրողներու մասնակցութեամբ  հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ԼՂՀի արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեան յայտարարեց՝ «Մեզ կարող են ոչնչացնել, բայց առանց մեզ ոչինչ չեն կարող որոշել»։

Ըստ նախարարին, այս հանգրուանին հիմնական խնդիրը ԼՂՀ փաստացի ճանաչումն է: Նախարարը յայտնեց, որ թէեւ Ղարաբաղը ուղղակիօրէն չի մասնակցիր բանակցային գործընթացին, սակայն միշտ իրազեկ կը պահուի իւրաքանչիւր կատարուած քայլի մասին։ Պատասխանելով այն հարցին, թէ ղարաբաղեան կողմը որեւէ ազդեցութիւն կրնա՞յ ունենալ բանակցային գործընթացին վրայ, նախարարը ըսաւ. «Ղարաբաղը ներկայացրել է իր դիրքորոշումը, որ ոչ մի լուծում չի կարող ընդունուել առանց նրա: Կարծում եմ՝ դրանով իսկ արդէն ազդում է գործընթացի վրայ»:
Նախարարը նաեւ յայտարարեց, որ ԼՂՀ պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ նստիլ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ եւ քննարկել բոլոր հարցերը, ներառեալ՝ տարածքային, փախստականներու վերադարձի, բայց հաւասար պայմաններով: «Ղարաբաղը պէտք է իր ճակատագրին վերաբերող հարցերն ինքը լուծի», եզրափակեց ան: